Կրիփի դէմ պատուաստը արդիւնաւէտօրէն կը կանխէ հիւանդութեան ծանր պարագաները փոքրիկներու մօտ
JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան համաձայն «կրիփ»-ի դէմ պատուաստը արդիւնաւէտօրէն կը կանխէ փոքրիկներու ծանր հիւանդութիւնները։ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոնի (Աթլանթա) հետազօտող Քելսի Սամնըր եւ գործընկերները «պարագայ- վերահսկում» կոչուած յատուկ հետազօտութիւն մը կատարած են, որպէսզի գնահատեն պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը (VE) այն փոքրիկներուն պարագային, որոնք հիւանդութեան ծանր վիճակէ կը տառապէին։ Անոնք օգտագործած են Միացեալ Նահանգներու…










