Գիտնականները կը յայտնաբերեն Փարքինսոնի հիւանդութիւնը մազերու միջոցով ախտորոշելու նոր մեթոտ
Չինացի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մազերը կրնան Փարքինսոն-ի հիւանդութեան (Parkinson’s disease) նշաններ ընդգրկել։ Անոնք վերլուծած են 60 ախտորոշուած հիւանդներէ առնուած մազի նմուշներ եւ բաղդատած՝ նոյն տարիքի առողջ մարդոց մազերուն հետ։ Արդիւնքները հրապարակուած են iScience գիտական ամսագրին մէջ։ Փարքինսոն-ի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներու մազերուն մէջ յայտնաբերուած է երկաթի եւ պղինձի ցած մակարդակ, ինչպէս նաեւ «մանկանիզ»-ի (manganese) եւ…









