Մեծն Բրիտանիոյ Պրիսթոլի համալսարանի գիտնականներու եւ ամերիկացի սննդաբաններու իրագործած նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամբողջական, նուազագոյն մշակումի ենթարկուած ուտելիքներէ բաղկացած սննդականոնի լիարժէք հետեւիլը կրնայ յանգեցնել անոր, որ մարդ կշիռքով զգալիօրէն շատ աւելի սնունդ ստանայ, սակայն սպառէ նկատելիօրէն աւելի քիչ քալորի, քան գերմշակուած մթերքներու (UPF) վրայ հիմնուած սննդականոնի հետեւիլը։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են The American Journal of Clinical Nutrition ամսագրին մէջ։
Մեծ «քլինիքային» հետազօտութեան մը տուեալներու վերանայուած վերլուծութեան ընթացքին գիտնականները բացայայտած են, որ ամբողջական սննդականոնի հետեւող մասնակիցները կշիռքով մօտաւորապէս 57 առ հարիւրով շատ աւելի սնունդ օգտագործած էին, բայց միջին հաշուով՝ օրական 330 քալորի աւելի պակաս ստացած էին։
Նման համադրութիւնը «փարատոքսալ» կը թուի ըլլալ, սակայն անիկա նոր լոյս կը սփռէ մարդու սննդային վարքագիծի մեքանիզմներուն վրայ:
Հետազօտութեան հեղինակները կը յայտնեն, թէ ամբողջական սնունդ օգտագործելու ժամանակ մարդ բնազդաբար կ՛ընտրէ վիթամիններով, հանքանիւթերով եւ բջիջանիւթով հարուստ ուտելիքներ՝ առաջին կարգին պտուղներ եւ բանջարեղէն, որոնք յագեցուածութեան զգացում կը ստեղծեն առանց սննդականոնի «էներճեթիք» արժէքի զգալի բարձրացման։ Մասնաւորաբար, մասնակիցները մեծ քանակութեամբ պտուղներ եւ բանջարեղէն կերած են, ինչ որ օգնած է անոնց ստանալու անհրաժեշտ «միքրոնիւթրիընթ»-ները՝ առանց քալորիի ծանրաբեռնուածութեան։
Ի հակադրութիւն անոր՝ գեր-վերամշակուած ուտելիքները, որոնցմով այնքան յագեցած է ժամանակակից սննդային միջավայրը, յաճախ կը պարունակեն թէ՛ բարձր «էներճեթիք» խտութիւն, թէ՛ յաւելեալ վիթամիններ (ֆորթիֆիքէյշընի (fortification) միջոցով), ինչ որ կրնայ քողարկել քալորիի պարունակութիւնը եւ խթանել բարձր «էներճեթիք» արժէք ունեցող ուտելիքներու չարաշահումը նոյնիսկ փոքր չափաբաժիններու պարագային: Գիտնականները այս երեւոյթը կ՛անուանեն «միքրոնիւթրիընթային զինաթափում», երբ միաժամանակ բարձր քալորիականութիւն եւ «միքրոնիւթրիընթ»-ներ ունեցող ուտելիքներու սպառումը կը խանգարէ յագեցուածութեան ազդանշաններու եւ սննդարար արժէքի միջեւ բնական հաւասարակշռութիւնը:
Հետազօտութեան արդիւնքները կ՛ընդգծեն, որ կարեւոր են ոչ միայն քալորիները, այլեւ սնունդի որակը՝ սննդանիւթերու համադրութիւնը, սնունդի կառուցուածքը եւ անոր ազդեցութիւնը մարդու սննդային վարքագիծին վրայ: Նման մօտեցումը կը հաստատէ այն գաղափարը, որ գոյութիւն ունի իւրօրինակ «սննդային բնազդ», որ կ՛օգնէ մարդուն ընտրելու աւելի հաւասարակշռուած սնունդ, եթէ անիկա հասանելի է բնական տեսքով, սակայն այդ բնազդը կրնայ ճնշուիլ ժամանակակից վերամշակուած սնունդի մշակոյթով:

