Կապոյտ հազի դէպքերը աճ կ՛արձանագրեն Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ
2024-ին աշխարհի շատ երկիրներու մէջ դարձեալ բռնկած է կապոյտ հազի համաճարակը․ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ արձանագրուած է աւելի քան 18,500 պարագայ, տեղեկացուցած է Euronews-ը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ներկայիս հիւանդութեան դէպքերու թիւը հինգ անգամ աւելի բարձր է, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, որ ամենէն բարձր…









