Դեղաչափի դանդաղ պակսեցումը ընկճախտի դէմ յատուկ դեղերէ հրաժարելու լաւագոյն ռազմավարութիւնն է

Ընկճախտի բուժման յատուկ դեղերու չափաբաժինի աստիճանական պակսեցումը հոգեբանական աջակցութեան հետ միասին կրնայ նոյնքան արդիւնաւէտ ըլլալ ընկճախտի կրկնութիւնը կանխելու համար, որքան դեղերով բուժումը շարունակելը։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են հետազօտողները՝ վերլուծելով 79 պատահական ձեւով իրականացուած քլինիքական փորձարկումներու արդիւնքները։ Աշխատանքը հրապարակուած է The Lancet Psychiatry ամսագրին մէջ։ Ինչպէս ընդգծած են հեղինակները, խօսքը այն մասին չէ, որ ընկճախտի դէմ…

Որովայնի ճարպակալման եւ մկաններու կորուստի համադրութիւն. ինչո՞ւ 50-էն վեր մարդոց մօտ մահուան վտանգը կը բարձրանայ 83 տոկոսով

Նոր միջազգային ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ 50 տարեկանէն բարձր մարդոց մօտ որովայնի ճարպակալման (որովայնի աւելորդ ճարպի կուտակում) եւ մկանային զանգուածի կորուստի համադրութիւնը կապուած է մահուան վտանգի զգալի բարձրացման հետ, յայտնած է Medical Xpress-ը։ Սան Քարլոսի դաշնային համալսարանի (Պրազիլ) եւ Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի գիտնականները վերլուծած են ուսումնասիրութեան մասնակցած աւելի քան 5,400 չափահասներու տուեալները 12 տարուան…

Ներքին գեղձերու մասնագէտը թթուաշ կաղամբ ուտելու չորս պատճառ կը թուէ

Ներքին գեղձերու մասնագէտ Էքաթերինա Եանկը բացատրած է, թէ ինչու թթուաշ կաղամբը օգտակար է կիներու առողջութեան համար: Մասնագէտին համաձայն՝ այս մթերքը կը նպաստէ դիմադրողական համակարգի ամրապնդման եւ օրկանիզմին մէջ բորբոքումներու նուազումին: Բացի ատկէ, թթուաշ կաղամբը կը բարելաւէ մորթի, մազերու եւ արեան անօթներու վիճակը, կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը, կը բարձրացնէ ուժի մակարդակը եւ կը նպաստէ կշիռքի կորուստին: Անիկա միեւնոյն…

Ինչպէս հոտերը կը կառավարեն շնչառութիւնը. գիտնականները կը բացայայտեն թաքուն հոտառութեան մեքանիզմը

Գիտնականները շատոնց գիտեն, որ մարդիկ եւ անասուններ աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրեն իրենց շրջապատը շարժումներու միջոցով՝ հայեացքով, գլխու թեքումներով եւ ձեռքի շարժումներով։ Հոտառութիւնը եւս կը պատկանի աշխոյժ զգայարանքներու խումբին․ հոտը աւելի լաւ զգալու համար, մենք կը կատարենք կարճ, նպատակային ներշնչումներ՝ «հոտուըտալու» շարժումներ։ Սակայն, մինչեւ օրս, յայտնի չէր, թէ արդեօք մեր ներշնչելու ձեւը կրնա՞յ փոփոխութիւն կրել՝ կախեալ ըլլալով այն…

Ձայնը ընդդէմ քաղցկեղի. ինչպէս histotripsy նոր մեթոտը կ՛ոչնչացնէ ուռուցքը առանց վիրահատութեան եւ ճառագայթի

Գիտնականները ներկայացուցած են «histotripsy»-ին որպէս ուռուցքներու բուժման յեղափոխական մեթոտ, որ երեւակայական կ՛երեւի։ Դանակներու, «լէյզըր»-ներու կամ բարձր չափաբաժինով ճառագայթումի փոխարէն այս մեթոտը կ՛օգտագործէ ուլթրաձայնը՝ այնքան ճշգրտօրէն կեդրոնացուած, որ ուռուցքին մէջ կը յառաջանան հազարաւոր միքրոպղպջակներ։ Այս պղպղջակները արագօրէն ընդարձակուելով եւ ապա պայթելով՝ բառացիօրէն կը քայքայեն ուռուցքային հիւսուածքը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Science Translational Medicine ամսագրին մէջ։ Մեթոտը…

Ջերմուժի շուրջ 30% երկարաժամկէտ նուազումը կրնայ դանդաղեցնել ուղեղի ծերացման ընթացքը

Պոսթընի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ երկարաժամկէտ եւ մանրակրկիտ կերպով վերահսկուած ջերմուժի սահմանափակումը կրնայ դանդաղեցնել ուղեղի ծերացումը բջիջային մակարդակի վրայ։ Արդիւնքները հրապարակուած են Aging Cell ամսագրին մէջ։ Խօսքը խիստ ծոմապահութեան մասին չէ, այլ՝ ջերմուժի մօտաւորապէս 30 առ հարիւրով կրճատման մասին, որ կարելի է տարիներով պահպանել։ Հետազօտութիւնը երկարած է մասնակիցներուն գրեթէ ամբողջ կեանքին ընթացքին՝ սկսելով 1980-ականներուն,…

Գիտնականները կը մեկնարկեն թոքերու քաղցկեղի կանխարգիլման աշխարհի առաջին փորձարկումը

Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի եւ Օքսֆորտի համալսարանի հետազօտողները յայտարարած են աշխարհի առաջին քլինիքական փորձարկման մեկնարկի մասին, որ կը վերաբերի բարձր վտանգի ենթակայ խումբի մարդոց մօտ թոքերու քաղցկեղը կանխելու համար նախատեսուած պատուաստ, հաղորդած է News-Medical Life Sciences-ը։ Հետազօտութեան առաջին փուլը պիտի կեդրոնանայ պատշաճ դեղաչափի որոշումին եւ անոր անվտանգութեան գնահատման վրայ, որ կը նախատեսուի սկսիլ 2026-ի ամրան, սպասելով…

Նուռի յատուկ միացութիւնը կը դանդաղեցնէ դիմադրողական համակարգի տարիքային փոփոխութիւնները

«Եուրոլիթին A»-ը՝ աղիքներուն մէջ յառաջացող «մեթապոլիթ»-ը, որ կը գոյանայ նուռ եւ ընկոյզ ուտելէն ետք, ըստ Nature Aging ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան, կրնայ օգնել նուազեցնելու դիմադրողական համակարգի՝ տարիքի բերումով յառաջացած փոփոխութիւնները։ Պատահական ընտրութեամբ կատարուած ուսումնասիրութեան մասնակցած են 50 անձ 45-70 տարեկան։ 28 օրուան ընթացքին, կամաւորները ամէն օր ստացած են 1000 մկ․ «Եուրոլիթին A»-կամ «փլասիպօ» (նիւթ, որ…

Ինչպէ՞ս պարզ սովորութիւնները կրնան նպաստել մարմնի վերաերիտասարդացման

Երկարակեցութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը այսօր այնքան տարածուած ու նորաձեւ եղած է, որ դարձած է ժամանակակից հանրային մշակոյթի կարեւոր մէկ մասը՝ ի յայտ բերելով ամբողջ նոր ոլորտ մը, որ կը խոստանայ «երիտասարդացում» յաւելումներու, «կատճեթ»-ներու եւ նորաձեւ արհեստագիտութեան միջոցով: Սակայն, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կեանքը երկարաձգելը եւ ծերացման ընթացքը դանդաղեցնելը կարելի է իրագործել շատ աւելի դիւրին ձեւով՝…

Նարինջի հիւթի ամէնօրեայ օգտագործումը կ՛ազդէ սրտի առողջութեան հետ կապուած ծիներու աշխուժութեան վրայ

Գիտնականները բացայայտած են, որ օրական մէկ գաւաթ նարինջի հիւթի ազդեցութիւնը կրնայ զգալիօրէն գերազանցել նախնական դիտարկման տուեալները։ Անիկա ունակ է նրբօրէն կարգաւորելու հազարաւոր ծիներու գործունէութիւնը, որոնք կապուած են արեան ճնշման, նիւթափոխանակութեան եւ անօթներու առողջութեան հետ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Molecular Nutrition & Food Research ամսագրին մէջ։ Հետազօտական խումբը վերլուծած է 20 առողջ չափահասներէ բաղկացած խումբի մը…