Սթրեսի յառաջացման նպաստող վեց տեսակի ուտելիք․ WellnessPulse
Ամերիկացի սննդաբան եւ հետազօտութեան հեղինակ Շելլի Պոլզի համաձայն, ալքոլը, տապկուած ուտելիքները, «քաֆէին»-ը, զտուած ածխաջուրերը, ինչպէս նաեւ՝ շաքար ու աղ պարունակող սննդամթերքները կրնան խթանել «սթրես»-ի հորմոններու՝ յատկապէս «քորթիզոլ»-ի արտադրութիւնը, գրած է սննդաբանը WellnessPulse բժշկագիտական հանդէսին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։ Շատ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ սննդականոնը եւ «սթրես»-ը կրնան իրարու ուղղակիօրէն ազդել։ Պոլզի համաձայն, մեծ քանակութեամբ…










