Ոսկրային քաղցկեղ. տեսակներու եւ ախտանիշներու ակնարկ

Ոսկրային քաղցկեղը բջիջներու աճ է, որ կրնայ յառաջանալ որեւէ ոսկորի մէջ, սակայն անիկա յաճախ կ՛ազդէ ազդրի ոսկորին: «Ոսկրային քաղցկեղ» հասկացութիւնը չի ներառեր այն քաղցկեղը, որ կը սկսի մարմնին այլ բաժիններուն մէջ եւ կը տարածուի դէպի ոսկորները: Այն քաղցկեղը, որ կը տարածուի ոսկորներուն մէջ, կը կոչուի այդ նոյն անունով, ուրկէ անիկա սկսած է: Օրինակի համար, քաղցկեղ…

Տաքը էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ սրտանօթային համակարգին վրայ

Սրտի ծանրաբեռնուածութեան յաւելում. բարձր ջերմաստիճանը կրնայ յանգեցնել անօթներու ընդլայնման, ինչ որ ժամանակաւորապէս կը նուազեցնէ արեան ճնշումը: Սիրտ-անօթային հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար տաքը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ՝ դէպի սիրտ եւ այլ կենսական կարեւոր օրկաններ արեան հոսքի հնարաւոր նուազման պատճառով։ Սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգ.  նախապէս որոշ խնդիրներ ունեցած անձեր (օրինակ` զարկերակային գերճնշում կամ «քորոնըրի» զարկերակներու հիւանդութիւն) բարդութիւններու աւելի մեծ…

Սարքոմաներ` ոսկորներու եւ փափուկ հիւսուածքներու հազուագիւտ քաղցկեղներ

Ընդհանուր ակնարկ Սարքոմաները հազուագիւտ քաղցկեղներ են, որոնք կը զարգանան ոսկորներու եւ  փափուկ հիւսուածքներու մէջ, ներառեալ՝  ճարպ, մկաններ, արեան անօթներ, նեարդներ, խորունկ մորթի հիւսուածքներ եւ մանրաթելային հիւսուածքներ: Քաղցկեղի ազգային հիմնարկին համաձայն, փափուկ հիւսուածքի սարքոմայի մօտաւորապէս 12,000 պարագաներ եւ ոսկորի սարքոմայի 3,000 պարագաներ կ՛ախտորոշուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իւրաքանչիւր տարի: Ոսկորի սարքոմաները աւելի տարածուած են փոքրիկներուն մօտ,…

Յետնաղիքի քաղցկեղի անհետացում՝ իմիւնոթերափիի նոր մեթոտի կիրառումով

Իմիւնոթերափիի նոր մեթոտի մը կիրառումով (փոքր քլինիքական փորձարկում) յետնաղիքի քաղցկեղը ամբողջապէս անհետացած է փորձարկումին մասնակցած բոլոր հիւանդներուն մօտ, կը վկայեն վերջերս հրապարակուած արդիւնքները: Հետազօտութիւնը կատարուած է ամերիկեան «Մեմորիըլ Սլոն Քէթըրինկ» ուռուցքաբանական կեդրոնի եւ GSK դեղագործական ընկերութեան համագործակցութեամբ: Նոր դեղ մը՝ «տոդարլիմապ-gxly»ը փորձարկուած է «ճենեթիք միւթէյշըն»ի հետեւանքով յառաջացած յետնաղիքի քաղցկեղի բուժման համար: «Իբրեւ բժիշկ՝ ես հիացած…

Քաղցկեղէն փրկուածներու մօտ քիմոթերափիի հետեւանքով յառաջացած լսողութեան կորուստ

Հարաւային Ֆլորիտայի եւ Ինտիանայի համալսարաններու գիտնականներու գլխաւորութեամբ կատարուած հետազօտութիւն մը բացայայտած է «քիմոթերափի»ի ամենէն տարածուած միջոցներէն մէկուն երկարատեւ ազդեցութեան արդիւնքները այն մարդոց վրայ, որոնք յաղթահարած են քաղցկեղը։ JAMA Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը ուսումնասիրած է ձուարաններու քաղցկեղը յաղթահարած անձերու «քոհորթ»ը, որոնք ստացած են «սիսփլաթին»ի հիմքով «քիմոթերափի» 14 տարուան ընթացքին եւ յայտնաբերած են, որ անոնց…

Սիքըլ սէլ անիմիա. պատճառներ, բարդութիւններ, կանխարգիլում

  Սիքըլ սէլ անիմիան կը յառաջանայ այն «ճին»ի փոփոխութեան պատճառով, որ մարմնին հրահանգ կու տայ «հիմոկլոպին» արտադրելու: «Հիմոկլոպին»ը՝ արեան կարմիր բջիջներուն երկաթով հարուստ միացութիւնն է, որ կ՛արտօնէ այս բջիջներուն թթուածին տեղափոխելու թոքերէն դէպի մարմնին մնացեալ մասերը: «Հիմոկլոպին»ը, որ կապուած է սիքըլ սէլ անիմիայի հետ պատճառ կը դառնայ, որ արեան կարմիր բջիջները կարծրանան եւ կպչուն ու…

Սիքըլ բջիջներու անիմիա

Ընդհանուր ակնարկ «Սիքըլ սէլ անիմիա»ն ժառանգական խանգարումներու խումբերէն մէկն է, որ յայտնի է որպէս «սիքըլ սէլ» հիւանդութիւն: Անիկա կ՛ազդէ արեան կարմիր բջիջներու ձեւին վրայ, որոնք թթուածին կը ղրկեն մարմնին բոլոր մասերուն: Արեան կարմիր բջիջները սովորաբար կլոր են եւ ճկուն, ուստի անոնք դիւրութեամբ կը շարժին արեան անօթներուն միջով: «Սիքըլ սէլ անիմիա»ի պարագային արեան կարմիր բջիջները ունին…

Մահէն դէպի կեանք. յաջող վերակենդանացման ժամանակի սահմանափակումները

Քլինիքական մահ ունեցած հիւանդներ յաճախ նշած են, որ տեսած են լոյսի պայծառ շողեր եւ մութ փապուղի: Այս նիւթը գրաւած է ամբողջ աշխարհի գիտնականներու ուշադրութիւնը, եւ այս երեւոյթին վերաբերեալ շատ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են։ Ամերիկացի մասնագէտներու վերջին հետազօտութիւններէն մէկը ներկայացուած է moyzhurnal հարթակին վրայ։ Երբ սիրտը կը դադրի բաբախելէ, կը դադրի արեան մատակարարումը դէպի ուղեղ, ինչ որ…

Տարիքը պարզապէս թիւ մըն է. դիմադրողական բջիջներու «էփիճենեթիք» ժամացոյցը եւ կեանքի տեւողութիւնը

Սուրբ Ժիւտի Մանկական հետազօտական հիւանդանոցի եւ Մինեզոթայի համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրած են T-բջիջներու ծերացման եզակի «էփիճենեթիք» ժամացոյցը՝ ցոյց տալու համար, որ T-բջիջները կրնան «գերազանցել մարմնին առնուազն չորս կեանք»: T-բջիջներու հիմնական գործառոյթը «էնթիճեն»ներու ճանաչումն է, «էֆէքթըր» դիմադրողական պատասխանի ձեւաւորումը եւ արձագանգը, ինչպէս նաեւ՝ դիմադրողական համակարգի յիշողութիւնը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Aging ամսագրին մէջ: Հետազօտողները ուսումնասիրած են…

Հոտառութեան կորուստը՝ սրտի աշխատանքի հաւանական խնդիր

Միշիկընի պետական ​​համալսարանի Մարդկային Բժշկութեան քոլէճի գիտնականները բացայայտած են, որ հոտառութեան կորուստը սրտի անբաւարարութեան բարձր վտանգի նշաններէն մէկն է: Մասնագէտները իրենց հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուցած են Ամերիկեան սրտի ընկերութեան (Journal of the American Heart Association) հանդէսին մէջ: Հոտ առնելու ունակութեան սրութիւնը յաճախ կը նուազի, կը հաղորդէ Planet Today-ը։ Շարք մը հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ 50…