Ընկճախտի խորքային մեքանիզմները․ խանգարման մասին բջիջային գաղտնիքներու բացայայտում

ՄաքԿիլի համալսարանի եւ Տուկլաս հիմնարկի գիտնականները բացայայտած են ուղեղի փոփոխութիւններու երկու տեսակ, որոնք կը յառաջանան ընկճախտ ունեցող մարդոց մօտ։ Nature Genetics-ի մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ճամբայ կը հարթէ ընկճախտի նոր բուժումներու մշակման համար, որոնք կը թիրախաւորեն յատուկ բջիջներ։ Հետազօտութիւնը նաեւ կը խորացնէ մեր հասկացողութիւնը խանգարման մասին, որ աշխարհի մէջ անկարողութեան առաջատար պատճառներէն է եւ կ՛ազդէ աւելի…

Ուրիշներուն օգնելը կրնայ դառնալ բանալի ձեր միտքը սուր պահելու համար

«Ինչ ցանես, այդ ալ կը հնձես» արտայայտութիւնը կրնայ պարզապէս «քլիշէ» ըլլալ, բայց «Հասարակական գիտութիւն եւ բժշկութիւն» ամսագրին մէջ հրապարակուած վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ուրիշներուն օգնելը կրնայ զգալի օգուտներ բերել ծերացող ուղեղին։ Արդիւնքներուն համաձայն՝ միջին եւ տարեց մարդիկ, որոնք պարբերաբար կ՛օգնեն անծանօթներու, ճանաչողական կարողութիւններու զգալիօրէն աւելի դանդաղ անկում կ՛ապրին, քան անոնք, որոնք չեն…

Ինչպէ՞ս մօր աղիքային միքրոֆլորան կ՛ազդէ զաւակին դիմադրողական համակարգին վրայ

Նոր ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ թէ՛ մօր, թէ՛ նորածիններու աղիքային «միքրոֆլորա»-ի (microflora) կազմը կրնայ զգալիօրէն ազդել նորածինին առողջութեան վրայ, մասնաւորաբար՝ կեանքի առաջին ամիսներուն շնչառական վարակներու նկատմամբ անոնց զգայունութեան վրայ։ Ֆինլանտացի գիտնականները բացայայտած են, որ ծննդաբերութենէն ետք առաջին շաբաթներուն աղիքային մանրէներու բազմազանութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը կրնան ազդել, թէ որքանո՞վ մանուկը կ՛ենթարկուի պաղառութեան եւ այլ շնչառական վարակներու վեց…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն՝ ինչպէ՞ս դանդաղեցնել ծերացումը բջիջային մակարդակի վրայ

Քորիայի յառաջադէմ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (KAIST) գիտնականները, այլ առաջատար հետազօտական ​​հաստատութիւններու հետ միատեղ, յայտնաբերած են, որ PELOTA սպիտակուցը, որ յայտնի է «Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի (RNA, բոլոր կենդանի օրկանիզմներու մէջ գտնուող երեք հիմնական մաքրոմոլեքիւլներէն մէկը) որակի վերահսկման աշխատանքին մէջ իր դերով, կրնայ դանդաղեցնել ծերացումը եւ երկարաձգել կեանքի տեւողութիւնը: Այս յայտնագործութիւնը նոր ուղիներ կը բանայ ծերաբանութեան եւ…

Ինչպէ՞ս տարբեր բուսական սննդականոնները կը նուազեցնեն քաղցկեղի զարգացման վտանգը

Վերջերս The American Journal of Clinical Nutrition-ին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ուսումնասիրած է բուսական սննդականոնի տարբեր տեսակներու եւ տարբեր օրկաններու մէջ քաղցկեղի զարգացման վտանգի միջեւ կապը։ Բուսական սննդականոնը սովորաբար կը ներառէ շատ բանջարեղէն, պտուղներ, ընկուզեղէն եւ լուբիայի տեսակներ, մինչդեռ միսը կը սահմանափակուի կամ ամբողջութեամբ կը բացառուի։ Նման սննդականոնը կը բարձրացնէ հակաքաղցկեղային ազդեցութեամբ «ֆիթոքիմիական» նիւթերու օգտագործումը եւ…

Մանկական քաղցկեղի «զոմպի բջիջները». ինչո՞ւ անիկա անընդհատ կը վերադառնայ

Քաղցկեղը փոքրիկներու համար ամենէն աղիտալի հիւանդութիւններէն մէկն է, որ կը խլէ բազմաթիւ մանկական կեանքեր: Գիտնականները կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչո՞ւ որոշ ուռուցքներ այդքան արագ կը վերադառնան բուժումէն ետք: Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ պատճառը կրնայ ըլլալ քաղցկեղային բջիջներուն մէջ գոյութիւն ունեցող ոչ սովորական օղակաձեւ DNA-ը: Այս օղակաձեւ DNA-ը կամ ecDNA-ը կը ձեւաւորուի, երբ «քրոմոզոմ»-ներու…

Մասնագէտը կը ներկայացնէ քաղցկեղի վտանգի գործօնները

Ծխելը, այդ շարքին՝ ելեկտրոնային ծխախոտները, ալքոլի օգտագործումը, շաքարախտը, ճարպակալումը, կարմիր միսի եւ ճարպոտ սնունդի չափէն աւելի օգտագործումը կրնան նպաստել ուռուցքներու զարգացման, ՌԻԱ Նովոսթի-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Ճառագայթային հետազօտումի ազգային բժշկական կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն եւ Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր ուռուցքաբան Անտրէյ Քափրինը։ «Ծխողները 30 անգամ աւելի հաւանականութիւն ունին զարգացնելու տարբեր տեսակի քաղցկեղներ, ոչ միայն…

Հետազօտութիւնը կը պարզէ, որ առանց շաքարի թէյը կապուած է սրտի հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի յառաջացման ցած վտանգի հետ

Առանց շաքարի թէյ խմելը կապուած է բոլոր պատճառներէ, ինչպէս նաեւ՝ քաղցկեղէն եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէն մահուան վտանգի զգալի նուազումի հետ: Սակայն շաքարով կամ քաղցրացուցիչներով թէյը նոյն ազդեցութիւնը չունի, ըստ Frontiers in Nutrition ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան։ Հետազօտութեան մասնակցած է 37-էն 73 տարեկան 195,361 կամաւոր։ Վերլուծութենէն բացառուած են մարդիկ, որոնք չունէին բաւարար առողջական տուեալներ, յղի կիներ եւ…

Ի՞նչն է այդ հոտի պատճառը. մաշկաբանի կարծիքը՝ քրտինքի անսովոր հոտի պատճառներուն մասին

Քրտինքի տհաճ հոտը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ոչ միայն անհատական խնամքի բացակայութեամբ, այլ աւելի նուազ նկատելի գործօններով, ըսած է մաշկաբան Օթավիօ Մասետոն բժշկական Veja ամսագրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։ Մաշկաբանը կը կարծէ, որ «սթրես»-ը եւ զօրաւոր զգացումները, մասնաւորաբար մտատանջութիւնը, կրնայ ազդել քրտնագեղձերու գործունէութեան վրայ: Այս հիմնականին մէջ կը վերաբերի «ափոքրին» գեղձերուն, որոնց արտազատող նիւթերը յաճախ կապուած են…

Կրնա՞յ քաղցկեղը բուժելի դառնալ․ նոր պատուաստի փորձարկումը խոստմնալից արդիւնքներ ցոյց կու տայ

Մշակուած է համընդհանուր պատուաստ, որ նպատակաուղղուած է քաղցկեղի բոլոր տեսակներու դէմ։ Այս փորձարարական պատուաստը կը բարձրացնէ դիմադրողական համակարգի՝ քաղցկեղի դէմ պայքարելու կարողութիւնը՝ անկախ ուռուցքի տեսակէն։ Պատուաստի մշակման հարցին մէջ գիտնականներուն ոգեշնչած է COVID-19-ի դէմ պատուաստը: Հեղինակները կը հաստատեն, որ նոր պատուաստը հնարաւոր է, որ կարենայ ազատել հիւանդները քիմիական բուժումէն, ինչպէս նաեւ՝ վիրահատական միջամտութեան եւ ճառագայթային…