ՄաքԿիլի համալսարանի եւ Տուկլաս հիմնարկի գիտնականները բացայայտած են ուղեղի փոփոխութիւններու երկու տեսակ, որոնք կը յառաջանան ընկճախտ ունեցող մարդոց մօտ։
Nature Genetics-ի մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ճամբայ կը հարթէ ընկճախտի նոր բուժումներու մշակման համար, որոնք կը թիրախաւորեն յատուկ բջիջներ։ Հետազօտութիւնը նաեւ կը խորացնէ մեր հասկացողութիւնը խանգարման մասին, որ աշխարհի մէջ անկարողութեան առաջատար պատճառներէն է եւ կ՛ազդէ աւելի քան 264 միլիոն մարդու վրայ։
«Առաջին անգամ ըլլալով մենք կրցանք պարզել, թէ ուղեղի ո՞ր տեսակի բջիջները կ՛ազդուին ընկճախտի ժամանակ՝ համատեղելով ծիներու աշխուժութիւնը DNA կարգաւորող մեքանիզմներու հետ։ Ասիկա մեզի շատ աւելի յստակ պատկերացում կու տայ այն մասին, թէ ո՞ւր տեղի կ՛ունենան խանգարումները եւ ո՞ր բջիջները ներգրաւուած են», – ըսած է ուսումնասիրութեան աւագ հեղինակ, Տուկլասի հիմնարկի հետազօտող եւ Ընկճախտային խանգարումներու եւ անձնասպանութեան Գանատայի ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսոր Կիւսթավօ Թուրեչքինը։
Գիտնականները օգտագործած են Տուկլաս-Պել Գանատայի ուղեղի պանքի մահուընէ ետք առնուած ուղեղային հիւսուածքը, որ հոգեկան խանգարումներ ունեցող անհատներէ վերցուած նմուշներու աշխարհի սակաւաթիւ հաւաքածոներէն մէկն է: Միաբջիջ վերլուծութեան արհեստագիտութիւններ օգտագործելով՝ անոնք ուսումնասիրած են հազարաւոր ուղեղի բջիջներու RNA-ը եւ DNA-ը՝ պարզելով, թէ ո՞ր բջիջները տարբեր ձեւով կը գործեն ընկճախտի պարագային, եւ որ DNA-ի յաջորդականութիւնները կրնան բացատրել այդ տարբերութիւնները: Հետազօտութիւնը վերլուծած է ընկճախտով 59 եւ ընկճախտէ չտառապող 41 անհատներու նմուշները։
Արդիւնքները բացայայտած են ծիներու աշխուժութեան փոփոխութիւններ՝ այնպիսի տեսակի գրգռիչ «նիւրոն»-ներու մէջ, որոնք կապուած են տրամադրութեան եւ «սթրես»-ի արձագանգներու հետ, ինչպէս նաեւ՝ բորբոքման կարգաւորման մասնակցող «միքրոկլիական» բջիջներու ենթատիպին մէջ: Երկու բջիջային տեսակներուն մէջ ալ բազմաթիւ ծիներ անբնական էին ընկճախտ ունեցող անհատներու մօտ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ուղեղի հիմնական համակարգերու հնարաւոր խանգարումներ:
Ընկճախտէն ազդուած բջիջներու յայտնաբերումը նոր պատկերացում կու տայ անոր կենսաբանական հիմքին մասին եւ կասկածի տակ կը դնէ ժամանակավրէպ այն պատկերացումը, որ ընկճախտը պարզապէս զգացական վիճակ է։ «Ընկճախտը կ՛արտացոլացնէ ուղեղին մէջ տեղի ունեցող իսկական, չափելի փոփոխութիւնները», – ընդգծած է Թուրեչքինը։
Հետազօտողները կը ծրագրեն ուսումնասիրել, թէ ինչպէս այս բջիջային փոփոխութիւնները կ՛ազդեն ուղեղի աշխատանքին վրայ եւ արդեօք անոնց թիրախաւորումը կրնայ յանգեցնել նոր, արդիւնաւէտ բուժումներու մշակման։

