Միզապարկի քաղցկեղը կը բուժուի ձուարաններու քաղցկեղի համար սկզբնապէս կիրառուող բուժումով
Քալիֆորնիայի համալսարանի ամերիկացի գիտնականները անսպասելի կապ յայտնաբերած են միզապարկի քաղցկեղի վատորակ ձեւի եւ ձուարաններու ուռուցքներու միջեւ։ Այս յայտնագործութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է անոնց կիրառելու դիմադրողական բուժումի յառաջադէմ մեթոտները՝ քաղցկեղի այն տեսակի բուժումին համար, որ նախապէս կրնար բուժուիլ միայն գործողութեան միջոցով եւ ոչ միշտ յաջողութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Nature Communications (NatCom) ամսագրին մէջ։ Խօսքը միզապարկի քաղցկեղի հիւսուածաբանական…










