Քորիայի յառաջադէմ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (KAIST) գիտնականները, այլ առաջատար հետազօտական հաստատութիւններու հետ միատեղ, յայտնաբերած են, որ PELOTA սպիտակուցը, որ յայտնի է «Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի (RNA, բոլոր կենդանի օրկանիզմներու մէջ գտնուող երեք հիմնական մաքրոմոլեքիւլներէն մէկը) որակի վերահսկման աշխատանքին մէջ իր դերով, կրնայ դանդաղեցնել ծերացումը եւ երկարաձգել կեանքի տեւողութիւնը: Այս յայտնագործութիւնը նոր ուղիներ կը բանայ ծերաբանութեան եւ «նիւրոտիճենըրաթիվ» հիւանդութիւններու բուժման մէջ:
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS ամսագրին մէջ։
PELOTA-ն կարեւոր դեր կը խաղայ «Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի որակի վերահսկման աշխատանքին մէջ՝ օգնելով բջիջներուն վերացնել թերի «mRNA մոլեքիւլ»-ները եւ կանխելով անոնց վնասակար ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ։
«Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի դերը ծերացման աշխատանքին մէջ ուսումնասիրուած է միայն մասամբ, սակայն այս նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ PELOTA-ն կարեւոր է բջիջային «հոմէոսթազ»-ը (Կենսաբանութեան մէջ «հոմէոսթազ»-ը կենդանի համակարգերու կողմէ պահպանուող ներքին ֆիզիքական եւ քիմիական կայուն պայմաններու վիճակ է։) պահպանելու եւ ծերացման գործընթացը դանդաղեցնելու համար։
Caenorhabditis elegans «նեմաթոտ»-ի հետ կատարուած փորձարկումներու ժամանակ, որ ծերացման հետազօտութիւններու մէջ լայնօրէն օգտագործուող «մոտել» է, գիտնականները բացայայտած են, որ PELOTA-ի գերարտայայտումը զգալիօրէն կ՛երկարաձգէ օրկանիզմներու կեանքի տեւողութիւնը, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ «ռիպոզոմ-ներու հետ կապուած «Ռիպոնիւքլէինաթթու» -ի որակի վերահսկման մեքանիզմները կարեւոր դեր կը խաղան երկարակեցութեան պահպանման գործին մէջ։
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ PELOTA-ն կը կարգաւորէ երկու հիմնական ուղի՝ mTOR-ը, որ պատասխանատու է բջիջներու աճին եւ նիւթափոխանակութեան եւ «օթոֆակիա»-ն՝ (autophagy) բջիջները վնասուած բաղադրիչներէն մաքրելու գործընթացը: PELOTA-ի անբաւարարութեան պարագային, mTOR-ը գերաշխոյժ կը դառնայ եւ «օթոֆակիա»-ն կը ճնշուի, ինչ որ կ՛արագացնէ ծերացումը: Իսկ հակառակը, PELOTA-ի աշխուժացումը կը կանխէ mTOR-ը եւ կը խթանէ «օթոֆակիա»-ն՝ պահպանելով բջիջային հաւասարակշռութիւնը եւ երկարաձգելով կեանքը:
Այս յայտնագործութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ ծերացումը դանդաղեցնելու եւ «նիւրոտիճենըրաթիվ» հիւանդութիւնները բուժելու ուղղուած մեթոտներ մշակելու համար: PELOTA-ի դերի ըմբռնումը բջիջային «հոմէոսթազ»-ի պահպանման աշխատանքին մէջ կրնայ յանգեցնել այս սպիտակուցը աշխուժացնող դեղերու ստեղծման, որ իր կարգին կրնայ դանդաղեցնել տարիքային փոփոխութիւնները եւ բարելաւել կեանքի որակը:

