Չինացի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մազերը կրնան Փարքինսոն-ի հիւանդութեան (Parkinson’s disease) նշաններ ընդգրկել։ Անոնք վերլուծած են 60 ախտորոշուած հիւանդներէ առնուած մազի նմուշներ եւ բաղդատած՝ նոյն տարիքի առողջ մարդոց մազերուն հետ։ Արդիւնքները հրապարակուած են iScience գիտական ամսագրին մէջ։
Փարքինսոն-ի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներու մազերուն մէջ յայտնաբերուած է երկաթի եւ պղինձի ցած մակարդակ, ինչպէս նաեւ «մանկանիզ»-ի (manganese) եւ մկնդեղի (arsenic) խտութիւններու զարգացում։ Ամենէն հաստատ տարբերութիւնը երկաթի ցած մակարդակն էր։ Գիտնականները կը կարծեն, որ այդ ցուցանիշը կրնայ օգտագործուիլ ախտորոշման նպատակներով, որովհետեւ մազերը, ի տարբերութիւն արեան կամ թուքի, կ՛արտացոլացնեն օրկանիզմին մէջ երկարաժամկէտ փոփոխութիւնները։
Մուկերու վրայ կատարուած ամբողջացուցիչ փորձարկումները ցոյց տուած են, որ մազերու մէջ երկաթի ցած մակարդակը կապուած է աղիքային խանգարուած գործառոյթի հետ։ Փարքինսոն-ի հիւանդութեան նման ախտանշաններ ունեցող անասուններու մօտ նկատուած է աղիքային պատնէշի տկար գործառոյթ եւ երկաթի ներծծման համար պատասխանատու ծիներու աշխուժութեան փոփոխութիւն։ Այս արդիւնքները կը հաստատեն «նիւրոտիճեներաթիւ» (neurodegenerative) հիւանդութիւններու պարագային աղիքներու եւ ուղեղի միջեւ սերտ կապի վարկածը։
Գիտնականները կ՛ընդգծեն, որ հետազօտութիւնը նախնական բնոյթ ունի եւ կը պահանջէ հաստատում աւելի մեծ թիւով բնակչութիւն ներառելով։ Սակայն, ապագային մազի թելերու վերլուծութիւնը կրնայ բաւարար ըլլալ Փարքինսոն-ի հիւանդութեան կանուխ յայտնաբերման համար։

