Մարդու օրկանիզին մէջ «քրոմ միքրոտարր»-ի պակասը կրնայ յանգեցնել երկրորդ տիպի շաքարախտի զարգացման, յայտնած են Հարաւային Ուրալի պետական համալսարանի մասնագէտները՝ համագործակցելով միջազգային գիտական խումբին հետ: Այս բացայայտումը կ՛արտօնէ ափի մորթի արագ «սքրինինկ»-ի միջոցով բացայայտել վտանգի խումբին մէջ գտնուող հիւանդները: Արդիւնքները ներկայացուած են SHIFAA ամսագրին մէջ:
Երկրորդ տիպի շաքարախտը հիւանդութիւն մըն է, որու պարագային օրկանիզմը չի կրնար արդիւնաւէտօրէն օգտագործել «ինսուլին»-ը՝ արեան մէջ առկայ «կլիւքոզ»-ը իւրացնելու համար: «Կլիւքոզ»-ը, իր կարգին, որպէս հիմնական «վառելանիւթ» կը ծառայէ բջիջներու ճիշդ աշխատանքին համար, սակայն ներս թափանցելու համար անիկա պէտք ունի «ինսուլին» հորմոնին, որ կ՛արտադրուի ենթաստամոքսային գեղձին կողմէն, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի-ն: Եթէ օրկանիզմին հիւսուածքները վատ ձեւով կ՛արձագանգեն «ինսուլին»-ին (կը զարգանայ ինսուլինի նկատմամբ դիմադրութիւն), ապա «ինսուլին»-ի արտադրութիւնը կը նուազի, բացատրած են գիտնականները։
Համագործակցելով Իրաքցի գործընկերներու հետ՝ Հարաւային Ուրալի Պետական Համալսարանի (SUSU) մասնագէտները բացայայտած են, որ շաքար տեղափոխող հորմոնին՝ «ինսուլին»-ի նկատմամբ բջիջներու դիմադրութեան զարգացման կանուխ նշաններէն մէկը հիւսուածքներուն մէջ «քրոմ»-ի պակասն է։ Այն մարդոց մօտ, որոնք ունեցած են «քրոմ»-ի ցած մակարդակ, «ինսուլին»-ի նկատմամբ դիմադրութիւնը զգալիօրէն բարձր եղած է, նոյնիսկ եթէ արեան մէջ շաքարի եւ «ինսուլին»-ի մակարդակը եղած է բնական սահմաններու մէջ», – նշած է Ամմար Քատին, SUSU-ի Գիտական եւ նորարարական գործունէութեան բաժնի տարրալուծարանի մասնագէտը։
«Կարելի է «ինսուլին»-ը պատկերացնել որպէս «բանալի», որ կը բանայ բջիջները «կլիւքոզ»-ի՝ ուժի աղբիւրի համար։ «Քրոմ»-ը կը գործէ որպէս «փականի իւղ», անիկա կ՛օգնէ «ինսուլին»-ին աւելի արդիւնաւէտ ձեւով աշխատելու։ Եթէ «քրոմ»-ը բաւարար չէ, «բանալին» դժուարութեամբ կը դառնայ, բջիջները ուժ չեն ստանար, իսկ շաքարը կը մնայ արեան մէջ։ Ժամանակի ընթացքին այս կրնայ յանգեցնել շաքարախտի եւ նիւթափոխանակութեան այլ խանգարումներու», – աւելցուցած է գիտնականը։
Քատին նշած է, որ «քրոմ»-ի եւ շաքարախտի միջեւ կապը նախապէս ալ ուսումնասիրուած էր, բայց սովորաբար արեան կամ մազերու քննութիւններու միջոցով։ Որպէս «միքրոտարր»-ի խտութեան արագ գնահատման այլընտրանքային մեթոտ՝ գիտնականները առաջարկած են օգտագործել ափի մորթի արագ վերլուծութիւնը։
«Այս մեթոտը արագ է, անվտանգ եւ չի պահանջեր արեան նմուշ, հետեւաբար կիրառելի է որեւէ երկրի մէջ, ներառեալ բժշկական ցած ենթակառուցուածքներ ունեցող տարածաշրջանները։ Արագ «սքրինինկ»-ի հիման վրայ, բժիշկը կրնայ յանձնարարել սննդականոնի կարգաւորում կամ յաւելումներ», – ընդգծած է Քատին։

