Գիտնականները բացայայտած են մոլեքիւլային մեքանիզմ մը, որու միջոցով ֆիզիքական աշխուժութիւնը կ՛ամրապնդէ ոսկորները։ Միջազգային հետազօտական խումբը, որ կը ղեկավարուէր Հոնկ Քոնկի համալսարանի մասնագէտներու կողմէ յայտնաբերած է, որ Piezo1 սպիտակուցը կարեւոր դեր կը խաղայ այս գործընթացին մէջ։ Անոնց ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են Signal Transduction and Targeted Therapy (STTT) ամսագրին մէջ։
Piezo1-ը ոսկորներուն մէջ կը գործէ որպէս «շարժման սենսըր»՝ արձագանգելով «մեքանիք»-ական ծանրաբեռնուածութեան քալելու, վազելու կամ մարզանքի ընթացքին։ Երբ այս սպիտակուցը կ՛աշխուժանայ, ոսկրածուծի ցօղունային բջիջները կը սկսին վերածուիլ ոսկրային բջիջներու՝ ճարպային բջիջներու փոխարէն, ինչ որ կ՛ամրապնէ ոսկրային հիւսուածքը։
Մուկերու վրայ կատարուած փորձարկումներու ընթացքին Piezo1-ի հեռացումը յանգեցուցած է ոսկրային խտութեան նուազումին եւ ոսկրածուծին մէջ ճարպային կուտակումներու յաւելումին։ Առանց այս սպիտակուցին, անասունները չեն զգացած մարզանքներու սովորական ամրապնդող ազդեցութիւնը։ Այս բացայայտումները գիտնականներուն հնարաւորութիւն ստեղծած են աւելի լաւ հասկնալու, թէ ինչպէ՞ս ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը վերածուի կենսաբանական ազդանշանի, որ ոսկորները կը պաշտպանէ քայքայումէ։
Ուսումնասիրութեան հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ Piezo1-ի յայտնաբերումը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ «օսթէոփորոզ»-ի կանխարգիլման եւ բուժման համար, յատկապէս այն մարդոց համար, որոնք չեն կրնար կանոնաւոր կերպով մարզանքներ ընել։ Առայժմ, աշխատանքը կը գտնուի փորձարկման փուլի մէջ։

