Սթենֆորտ համալսարանի, Քալիֆորնիա համալսարանի–Պըրքլիի եւ Քալիֆորնիա համալսարանի–Սան Ֆրանսիսքոյի նոր հետազօտութեան համաձայն՝ շաքարը կրնայ շատ աւելի մեծ դեր ունենալ շաքարախտի յառաջացման մէջ, քան մինչեւ այսօր կը կարծուէր։ Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր սննդամթերքի մատակարարման մէջ շատ աւելի շաքար կայ, շաքարախտի մակարդակները աւելի բարձր են՝ անկախ շաքարին՝ գիրութեան, սննդականոնի այլ բաղադրիչներու, ինչպէս նաեւ շարք մը տնտեսական ու ժողովրդագրական գործօններու հետ ունեցած կապերէն։
Թէեւ հետազօտութիւնը կեդրոնացած էր չափահասներու մօտ շաքարախտի մակարդակներուն վրայ, անոր արդիւնքները նաեւ լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն մանուկներու առողջութեան առնչութեամբ։ Սթենֆորտի Լուսիլ Փաքըրտ մանկական հիւանդանոցի Առողջ կշիռքի կեդրոնի տնօրէն, մանկական գիրութեան մասնագէտ Թոմաս Ռոպինսըն, MD, ներկայացուցած է իր տեսակէտը այս բացայայտումներուն մասին։ Ռոպինսըն զգուշացուցած է, որ հետազօտութիւնը չ՛ապացուցեր պատճառ-հետեւանքային ուղիղ կապ մը շաքարի օգտագործման եւ անհատներու մօտ շաքարախտի զարգացման միջեւ։ Սակայն, անիկա շատ կարեւոր է այն աշխարհին մէջ, ուր երկրորդ տիպի շաքարախտը, որ կապուած է գիրութեան հետ եւ ժամանակին գրեթէ անլսելի էր փոքրիկներու մօտ, այժմ աւելի ու աւելի կը յայտնուի մանուկներու եւ պատանիներու մօտ։
ի՞նչ կը նշանակեն այս բացայայտումները փոքրիկներու առողջութեան համար
Փոքրիկներու վարքագիծը եւ շրջապատի ազդեցութիւնները կ՛ազդեն չափահաս տարիքին առողջութեան եւ հիւանդութիւններու զարգացման վրայ։ Այս հետազօտութիւնը օգտագործած է ամբողջ երկիրներու շաքարի տուեալները, այլ ոչ թէ՝ անհատներունը։ Այդ կը նշանակէ, որ թէ՛ փոքրիկները, թէ՛ չափահասները կ՛ապրէին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր սննդամթերքի մատակարարման մէջ աւելի բարձր շաքարի մակարդակները կապուած էին շաքարախտի աւելի բարձր մակարդակներու հետ։ Հաւանական հետեւանքները նոյնիսկ աւելի լուրջ են փոքրիկներուն համար, քան չափահասներուն։ Փոքրիկները շատ աւելի երկար ժամանակ ենթարկուած կ՛ըլլան այդ միջավայրին ազդեցութեան։ Այս մէկը յատկապէս խնդիր կը հանդիսանայ զարգացող երկիրներու մէջ, ուր սննդամթերքի մատակարարումը, սննդականոնները եւ մարմնի կշիռքը այնքան արագ կերպով կը փոխուին։
Փաքըրտ մանկական հիւանդանոցին մէջ շատեր կը կեդրոնանան այն բանի վրայ, թէ ի՛նչ կարելի է ընել կեանքի կանուխ շրջանին եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ կանխարգիլելու համար այն հիւանդութիւնները, որոնց արմատները մանկութեան մէջ կ՛ըլլան, բայց որոնք միայն չափահաս տարիքին ակնյայտ կը դառնան։ Փոքրիկներու մօտ գիրութեան, ֆիզիքական աշխուժութեան, նստակեաց վարքագիծին եւ սնուցման վերաբերեալ աշխատանքը իրականութեան մէջ կարելի է նկատել որպէս երկրորդ տիպի շաքարախտի, սրտանօթային հիւանդութիւններու, բազմաթիւ քաղցկեղներու եւ այլ քրոնիկ հիւանդութիւններու կանխարգիլում չափահասներու մօտ։
Նախորդ հետազօտութիւնները կը բացայայտեն մանկական հիւանդներու մօտ երկրորդ տիպի շաքարախտի ախտորոշումներու զարգացման նպաստող հիմնական գործօնները
Ամենէն մեծ նպաստ ունեցող գործօնը, որ բացայայտուած է, մարմնի կշիռքի բարձրացումն է։ Սակայն, աւելի ու աւելի երիտասարդ տարիքներու մէջ երկրորդ տիպի շաքարախտի զարգացող մակարդակը, հաւանաբար, կ՛արտացոլացնէ ոչ միայն գիրութիւնը, այլ նաեւ բազմաթիւ այլ փոփոխութիւններ, ներառեալ՝ մեր սննդականոններուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, ինչպէս աւելի շաքարի եւ մշակուած սնունդի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ՝ ֆիզիքական շարժումի նուազումը։
CDC-ն այժմ կը կանխատեսէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն երեք մանուկէն մէկը իր կեանքի ընթացքին պիտի զարգացնէ շաքարախտ, իսկ ափրիկեան-ամերիկեան եւ լատին-ամերիկացի աղջիկներուն մօտ այդ ցուցանիշը պիտի հասնի ամէն երկու անձէն մէկ հատին։ Ասիկա իսկապէս մտահոգիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ։
Ահա թէ ինչու մենք այսքան մեծ կարեւորութիւն կու տանք ընտանիքներուն օգնելու՝ բարելաւելու իրենց սննդականոնը, բարձրացնելու ֆիզիքական աշխուժութեան մակարդակը եւ նուազեցնելու նստակեաց ըլլալու ժամանակը։ Մենք կ՛ուզենք կանխել եւ վերահսկել չափազանց կշիռքի բարձրացումը եւ անոր հետ կապուած բոլոր խնդիրները, որոնցմէ շաքարախտը միայն մէկն է։
Նոր բացայայտումները կը մատնանշեն, որ ծնողները պէտք է մտահոգուին շաքարի օգտագործման պատճառով փոքրիկներու մօտ երկրորդ տիպի շաքարախտի վտանգի զարգացոււմով՝ նոյնիսկ գիրութեան բացակայութեան պարագային
Այս հետազօտութիւնը իրականութեան մէջ ուղղակիօրէն չի պատասխաներ այն հարցումին, թէ ի՛նչ կը պատահի առանձին փոքրիկի մը մակարդակով։ Սակայն անիկա տակաւին համահունչ է այն խորհուրդներուն, որոնք մենք այսօր կու տանք թէ՛ բնական եւ թէ՛ աւելորդ կշիռք ունեցող փոքրիկներուն համար։ Ես անպայման կը յանձնարարեմ, որ ծնողները փորձեն նուազեցնել շաքարի քանակը իրենց զաւակներու սննդականոնին մէջ։ Ծնողներու մեծ մասը նոյնիսկ տեղեակ չէ, թէ իրենց զաւակները որքան շատ շաքար կը սպառեն։ Անշուշտ, կազ պարունակող ըմպելիքները եւ քաղցրաւենիքը ամենէն ակնյայտ աղբիւրներն են, սակայն շաքար կ՛աւելցուի նաեւ գրեթէ բոլոր մշակուած սնունդներուն, ներառեալ՝ հացը, փիծցան եւ ֆրանսական տապկուած գետնախնձորը։ Այս աւելցուած շաքարները պարզապէս «դատարկ» ջերմուժ են՝ աւելորդ ջերմուժ ապահովելով առանց որեւէ սննդարար արժէքի։ Այդ պատճառով ալ կը յանձնարարեմ, որ բոլոր ծնողները առնուազն փորձեն նուազեցնել շաքարով հարուստ ըմպելիքներու, քաղցրաւենիքի եւ աղանդերներու ակնյայտ աղբիւրները։
Առողջապահական եւ սննդային քաղաքականութեան փոփոխութիւնները կրնան առանցքային դեր ունենալ փոքրիկներուն շաքարով հարուստ մթերքներու հասանելիութիւնը նուազեցնելու մէջ, իսկ որոշ դրական նշաններ արդէն իսկ սկսած են ի յայտ գալ
Կը կարծեմ, թէ մենք ճիշդ ուղղութեամբ շարժելու ապացոյցներ կը տեսնենք։ Վերջերս որոշ տուեալներ կը մատնանշեն, որ շաքար պարունակող ըմպելիքներու սպառումը քիչ մը նուազած է։ Ցաւօք, շաքարը ամէն բանի մէջ է։ Շաքար պարունակող ըմպելիքներուն վրայ կեդրոնանալը հաւանաբար ամենէն խոստմնալից մօտեցումն է։ Ծնողները քաղաքականութիւն մշակողներն են, եւ իրենք կրնան ամենէն արդիւնաւէտ ձեւով ազդեցութիւն ունենալ՝ իրենց տուներէն վերացնելով շաքար պարունակող ըմպելիքները, ներառեալ բոլոր տեսակի կազային ըմպելիքները, պտղահիւթերը, մարզական եւ ուժային ըմպելիքները։ Դպրոցներուն եւ պետական շէնքերուն մէջ շաքար պարունակող ըմպելիքներու ներկայութիւնը սահմանափակող քաղաքականութիւնները եւս կ՛օգնեն նուազեցնելու սպառումը։ Մենք շատ աւելիին կարիքը ունինք։
Կազային ըմպելիքներու հարկերը եւս խոստմնալից ռազմավարութիւն մըն են, թէեւ ըմպելիք արտադրող ընկերութիւնները մեծ գումարներ եւ մոլորեցնող գովազդներ օգտագործելով յաջողած են պայքարիլ անոնց դէմ։ Վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, որ Քալիֆորնիոյ բնակիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէ կազային ըմպելիքներու վրայ դրուած հարկը, մանաւանդ եթէ այդ գումարները յատկացուին փոքրիկներու առողջութեան եւ գիրութեան կանխարգիլման ծրագիրներուն։ Մինչեւ հիմա առաջարկուած հարկերը նուազագոյն մակարդակի վրայ են, սակայն, ինչպէս ծխախոտի պարագային, հարկերը կրնան նպաստել պահանջքի նուազեցման՝ շաքարային ըմպելիքները աւելի սուղ դարձնելով։ Անոնք նաեւ կրնան, առնուազն մասամբ, մեղմել հասարակութեան վրայ դրուող լրացուցիչ ծախսերը, որոնք կը բխին աւելի շատ բժշկական եւ ատամնաբուժական խնամքի, աղբի, աղտոտութեան եւ նոյնիսկ շաքարային ըմպելիքներու արտադրութեան հետ կապուած ջերմոցային կազերու արձակումներուն պատճառով։

