Կարճատեսութեան 740 միլիոն պարագայ կը նախատեսուի փոքրիկներու եւ դեռահասներու մօտ մինչեւ 2050 թուական․ ուսումնասիրութիւն

Աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր երրորդ մանուկէն եւ դեռահասներէն մէկէն աւելին ունի կարճատեսութիւն՝ իր տեսակի ամենէն մեծ հետազօտութեան համաձայն: Մասնագէտները չեն գիտեր, թէ կարճատեսութիւնը ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ, բայց ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ այն փոքրիկները, որոնք երկար ժամանակ կ՛օգտագործեն համակարգիչներ կամ «սմարթֆոն»ներ, աւելի մեծ վտանգի ենթակայ են: Կարճատեսութեան տարածուածութեան վերաբերեալ վերջին համաշխարհային հետազօտութիւնը կատարուած է 2015 թուականին:…

Ինքնահոգատարութիւնը՝ իբրեւ հաւասարակշռութեան եւ առողջ կենսակերպի ուղի

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կ՛անտեսուի ինքնահոգատարութիւնը: Մենք հակում ունինք առաջնահերթութիւնը տալու ուրիշներու կարիքներուն: Բայց երկարաժամկէտ հեռանկարով այդ կրնայ սպառել մեր ուժը եւ բարձրացնել «սթրես»ը: Իսկական ինքնահոգատարութիւնը եսակեդրոն կամ եսասէր ըլլալը չէ: Խօսքը իւրաքանչիւր վայրկեան մեր զգացումներուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու մասին է, առանց յանցանքի զգացում ունենալու։ Ինքնահոգատարութեան եօթը ոլորտները․ ինքնահոգատարութեան եօթը ոլորտները կ՛աշխատին միասնաբար մեր…