Ամէն տարի հազարաււոր փոքրիկներ կը ծնին հազուադէպ, սակայն լուրջ բժշկական հարցերով, որոնք կրնան նկատելի չըլլալ ծննդեան ժամանակ: Սակայն նորածիններու յատուկ զննումի շնորհիւ այս խնդիրներէն շատերը կրնան յայտնաբերուիլ կանուխ՝ յաճախ մինչեւ ախտանշաններուն ի յայտ գալը՝ փոքրիկներուն կեանքի լաւագոյն մեկնարկը ապահովելու համար:
Ի՞նչ է նորածինի զննումը
Նորածինի զննումը սովորական գործընթաց մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ ծնելէն անմիջապէս ետք, ընդհանրապէս առաջին 24-48 ժամուան ընթացքին: Անիկա կը ներառէ քանի մը արագ, պարզ քննութիւններ, որոնք կրնան բացայայտել ծինային, «էնտոքրին» եւ նիւթափոխանակութեան խանգարումներու լայն ծիր, որոնցմէ շատերը, եթէ չբուժուին, կրնան յանգեցնել լուրջ առողջական խնդիրներու կամ նոյնիսկ մահուան:
Նորածինի զննումը սովորաբար կը ներառէ.
- Արեան կաթիլային քննութիւն՝ (գարշապարէն արիւն առնելով) որոշ ծինային եւ նիւթափոխանութեան հարցեր ստուգելու համար
- Լսողութեան քննութիւն՝ լսողութեան հնարաւոր կորուստի յայտնաբերման համար
- «Փալս օքսիմեթրիայի» (pulse oximetry) քննութիւն՝ թթուածինի մակարդակը չափելու եւ սրտի բնածին արատներ յայտնաբերելու համար
Ինչո՞ւ կարեւոր է նորածիններու զննումը
Նորածիններու հիւանդութիւններ յայտնաբերելու համար կատարուած զննումը կարեւոր է, որովհետեւ կանուխ յայտնաբերումը կրնայ կեանքեր փրկել: Շատ հիւանդութիւններ, որոնց վրայ կը կեդրոնանայ նորածիններու զննումը անմիջականօրէն ակնյայտ չեն, սակայն եթէ կանուխ յայտնաբերուին, անոնք յաճախ կրնան բուժուիլ կամ արդիւնաւէտ ձեւով կառավարուիլ:
Օրինակ՝
- «Ֆենիլքեթոնուրիա»-ի (phenylketonuria) կանուխ ախտորոշումով նորածինին կարելի է յատուկ սննդականոն նշանակել՝ մտային անկարողութիւնը կանխելու համար:
- Բնածին «հիփոթիրոյտ»-ով (hypothyroidism – կացութիւն մը, որու պարագային վահանաձեւ գեղձը բաւարար հորմոններ չ՛արտադրեր) նորածինները կրնան ստանալ հորմոնի բուժում՝ բնականոն աճը եւ զարգացումը ապահովելու համար։
- Սրտի բնածին արատի կանուխ յայտնաբերումը կրնայ կեանքի եւ մահուան միջեւ հսկայական տարբերութիւնը ըլլալ։
Ի՞նչ հիւանդութիւններ եւ վիճակներ ներառուած են նորածիններու յատուկ զննումի քննութիւններուն մէջ
Նորածիններու զննումի հետազօտութեան մէջ ներառուած կացութիւնները կրնան ներառել, սակայն չսահմանափակուելով.
- «Սիսթիք ֆիպրոզ» (cystic fibrosis)
- «Հեմոկլոպինոփաթիաներ» (hemoglobinopathies), ինչպէս՝ մանգաղաձեւ բջիջային «անեմիան»
- Ողնայարի մկանային «տիսթրոֆիա» (dystrophy – հիւսուածքներու կամ օրկաններու կառուցուածքի եւ գործառոյթի աստիճանական անկում, որ յաճախ պայմանաւորուած է ծինային կամ նիւթափոխանակային պատճառներով)։
- Լսողութեան կորուստ
- Սրտի արատներ
- Դիմադրողական անբաւարարութիւններ
Նորածիններու զննումները արագ, անվտանգ եւ անհրաժեշտ են
Ծնողներու մեծամասնութիւը կրնայ չնկատել զննումի այս գործընթացը (շատ արագ եւ պարզ ըլլալուն պատճառով), սակայն անիկա կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ փոքրիկին ապագային համար: Նորածիններու զննումի ընթացքին կրնան ստուգուիլ տարբեր հիւանդութիւններ, ըստ նահանգի կամ երկրի, սակայն ընդհանուր նպատակը նոյնն է՝ յայտնաբերել նորածիններու մօտ լուրջ առողջական խնդիրներ, նախքան անոնց արտակարգ իրավիճակ ստանալը:
Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել
Սեպտեմբերը նորածիններու զննումի իրազեկման ամիսն է։ Օգնեցէ՛ք տարածելու այս կարեւոր հանրային առողջապահական ծրագրի մասին տեղեկատուութիւնը։
- Եթէ յղի էք, հարցուցէք ձեր բժիշկին նորածիններու զննումի գործընթացին մասին:
- Տեղեկատուութիւնը բաժնեկից դարձուցէք ընտանիքի անդամներու եւ ընկերներու հետ, յատկապէս անոնց հետ, որոնք զաւակ պիտի ունենան։
- Աջակցեցէ՛ք այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կը պաշտպանեն մանկական հազուադէպ հիւանդութիւններու կանուխ յայտնաբերումը եւ բուժումը:
Արեան քանի մը կաթիլը, լսողութեան արագ քննութիւնը եւ պարզ թթուածինի ստուգումը կրնան իսկապէս փոխել կեանքը։ Եկէ՛ք երաշխաւորենք, որ մեր կեանքին մէջ գտնուող նորածինները կատարեն իրենց զննումի հետազօտութիւնները։

