Հետազօտողները կը յայտնաբերեն մինչեւ 117 տարեկան ապրած սպանացի կնոջ երկարակեցութեան գաղտնիքը

Սպանացի Մարիա Պրանեասը մահացաւ անցեալ տարի՝ 117 տարեկանին։ Անոր ծինային վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ կենսաբանական տարիքը զգալիօրէն աւելի երիտասարդ էր, քան ժամանակագրականը։ Տասնամեակներով մասնագէտները հետաքրքրուած են գերերկարակեաց մարդոցմով (առնուազն մինչեւ 110 տարի ապրած), որովհետեւ երկարակեցութեան գաղտնիքները հասկնալը կրնայ դառնալ առողջ ծերացման բանալին։ 2024 թուականի Օգոստոսին մահէն կարճ ժամանակ առաջ, Մարիա Պրանեասը համաձայնած էր օգնել…

Երիկամներու քաղցկեղի դէպքերը կրնան կրկնապատկուիլ մինչեւ 2050 թուականը

Հետազօտողները կը նախազգուշացնեն, որ մինչեւ 2050 թուականը ամբողջ աշխարհի մէջ երիկամներու քաղցկեղի դէպքերու թիւը կրնայ կրկնապատկուիլ։ Վերջին վերլուծութեան համաձայն՝ 2022 թուականին արձանագրուած է մօտաւորապէս 435,000 երիկամներու քաղցկեղի նոր դէպք եւ 156,000 հազար մահ։ Եթէ ընթացիկ զարգացումները շարունակուին, մինչեւ դարի կէսը դէպքերու թիւը զգալիօրէն աճ կ՛արձանագրէ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Urology բժշկագիտական ամսագրին մէջ: Հիմնական վտանգի…