Հիւսիսարեւելեան համալսարանի (Northeastern University – Boston) գիտնականներուն կատարած նոր հետազօտութիւնը, թէ արդեօ՞ք փոքրիկներու մարմնի ճարպը եւ «այրոպիք» պատրաստուածութիւնը կապուած են անոնց հոգեկան առողջութեան հետ, յայտնաբերած է, որ մարմնի ցած ճարպի քանակի եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակի, ինչպէս նաեւ փոքրիկներու շրջանակին մէջ մտատանջութեան եւ ընկճախտի ախտանշաններու նուազումին միջեւ փոխադարձ կապ կայ։
JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը սկսած է 2019-ին եւ երկարած է մինչեւ 2023 թուականը։ Հետազօտական խումբը հարցում հարցուցած է 8-11 տարեկան աւելի քան 200 առողջ փոքրիկներու, որոնք պատասխանած են համօրինակ հարցաթերթիկներու՝ իրենց հոգեկան առողջութեան, մասնաւորաբար՝ մտատանջութեան եւ ընկճախտի զգացողութիւններու վերաբերեալ։
Անկեղծ պատասխաններ ստանալու համար փոքրիկները ինքնուրոյն ներկայացուցած են իրենց պատասխանները: Այնուհետեւ, հետազօտողները չափած են փոքրիկներու մարմնի կազմը՝ կեդրոնանալով ճարպային հիւսուածքին՝ մարմնի ներքին օրկանները շրջապատող ճարպին վրայ: Այնուհետեւ, հետազօտողները ստուգած են մասնակիցներու ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը՝ կիրառելով առաւելագոյն մարզանքներու քննութիւն, որուն ընթացքին անոնք պիտի վազէին վազքուղիին վրայ մինչեւ ուժասպառ ըլլալը:
Մասնակիցները կը կրէին դիմակներ, որոնք հետազօտողներուն կարելիութիւն կը ստեղծէին չափելու մարզանքի ընթացքին փոքրիկներու սպառած թթուածինի քանակը՝ անոնց ֆիզիքական պատրաստոածութեան մակարդակը որոշելու համար։
Գիտնականները նշած են, որ չորս տարուան ընթացքին անոնք մեծ քանակութեամբ տուեալներ հաւաքած են մարմնի կազմի, ֆիզիքական պատրաստուածութեան եւ հոգեկան առողջութեան վերաբերեալ, որոնք կրցած են վերլուծել՝ հետագայ կապերը բացայայտելու համար: Հետազօտողները հաշուի առած են շարք մը գործօններ, մասնաւորաբար՝ ընկերային-տնտեսական կարգավիճակը, սեռային հասունութիւնը եւ սեռը։
Անոնք յայտնաբերած են, որ աւելի նուազ մարմնի ճարպ եւ աւելի լաւ ֆիզիքական պատրաստուածութիւն ունեցող փոքրիկները ընկճախտի եւ մտատանջութեան աւելի քիչ ախտանշաններ ունեցած են, մինչդեռ աւելի բարձր մարմնի ճարպ եւ աւելի ցած ֆիզիքական պատրաստուածութիւն ունեցողները աւելի վատ ախտանշաններ ցուցաբերած են։
Գիտնականներուն համաձայն՝ այս յայտնաբերումը յատկապէս կարեւոր էր, հաշուի առնելով, որ բոլոր մասնակիցները առողջ էին եւ ընկճախտի կամ անհանգստութեան պատմութիւն չունէին։

