Դիմադրողականութիւնը Զօրացնելը Կարեւոր՝ Ցուրտ Եղանակին

Առողջ ապրելաձեւը տարուան ցուրտ եղանակին կրնայ նպաստել դիմադրողականութեան: Բայց ճիշդ ի՞նչ պէտք է ընել ատոր համար: Այս մասին իրենց կարծիքը յայտնած են ամերիկացի սննդաբանները։ «Հաւասարակշռուած սննդականոնը՝ չափաւորութեան եւ այլազանութեան շեշտադրումով, յաջողութեան բանալին է: Սննդականոնին մէջ պտուղներու, բանջարեղէնի, ամբողջահատիկներու, օգտակար ճարպերու, խոտաբոյսերու եւ համեմներու ներառումը օրկանիզմը կ՛ապահովէ սննդանիւթերով, որոնք անհրաժեշտ են բորբոքային զարգացման ընթացքին դէմ պայքարելու…

Հետազօտութիւններ՝«Օմիքրոն» Տարբերակի Յատկութիւնները Բացայայտելու Ուղղութեամբ

2021ի Նոյեմբերին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց Քորոնա ժահրի նոր տարբերակի՝ «Օմիքրոնի» մասին: Այժմ, գիտնականները Հարաւային Ափրիկէի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հետազօտութիւններ կը կատարեն «Օմիքրոն» տարբերակի յատկութիւնները բացայայտելու համար: Այս պահուն, տակաւին պարզ չէ, որ «Օմիքրոն» տարբերակը միւսներուն հետ բաղդատելով աւելի՞ վարակելի է, թէ՞ ոչ, հակառակ անոր որ Հարաւային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ, ուր շրջանառութեան մէջ է…

Վտանգներ Կրնան Պահուըտած Ըլլալ Տօնածառերուն Մէջ

Տօնածառերը ամբողջովին անվտանգ եւ անվնաս չեն։ Այս մասին, յղում կատարելով բրիտանացի գիտնականներուն, զգուշացուցած է «The Sun» պարբերականը։ Գիտնականներու խումբը  պարզած է, որ տօնածառերուն մէջ կան ոչ միայն հակածիններ, այլեւ՝ բորբոսի 53 տեսակ։ Այս բոլոր նիւթերը կրնան մարդոց մօտ գլխացաւ ստեղծել։ Աւե՛լին, «ալերճիք» հիւանդութիւններ ունեցող մարդիկ յաճախ շատ զօրաւոր կերպով կ՛արձագանգեն բոյսերու եւ խոտաբոյսերու հոտերուն, անոնց…

Ամէն Օր Մաքարոն Ուտելու Անպատեհութիւնը

Ամէն օր մաքարոն ուտելը շատ վատ գաղափար է, յայտնած է սննդաբան Անասթասիա Գավրիքովա: Անոր խօսքով՝ այդ մէկը կրնայ ստեղծել գրգռուած աղի համախտանիշ (հիւանդութեան նախանշաններու որոշ համակցում), «օթոիմիւն» հիւանդութիւններ (քրոնիք հիւանդութիւն, ուր օրկանիզմը՝ վահանաձեւ գեղձը եւ անոր կողմէ արտադրուող հորմոնները կ՛ընկալէ որպէս օտար՝ արտադրելով հակամարմիններ եւ ստեղծելով «օթոիմիւն» հիւանդութիւններ) եւ մաշկային խնդիրներ: Սնունդի այլազանութիւնը, մասնագէտին համաձայն,…

Նոր Տուեալներ Քորոնա Ժահրով Կրկնակի Վարակման Մասին

Հիւանդութենէն կամ պատուաստումէն ետք քորոնա ժահրով դարձեալ վարակուելու կարելիութիւնը շատ մեծ չէ, բայց տակաւին կանուխ է ուրախանալու համար։ Այս մասին ըսուած է հետազօտութեան մը մէջ, որու արդիւնքները հրապարակուած են New England Journal of Medicine ամսագիրին մէջ։ Քաթարէն գիտնականներ հետազօտած են քորոնա ժահրով վարակման դէպքերը 353 000 մարդոց ծիրին մէջ, երկրի տարածքին երկու ալիքներու ընթացքին՝ 2020ի…

Ինչպէ՞ս «Սանտուիչ»ները Նուազ Վնասակար Դարձնել

Կազմուածքի պահպանման համար պայման չէ ամբողջութեամբ հրաժարիլ «սանտուիչ»ներէն, յայտնած է սննդաբան-սրտաբան Ասիյաթ Խաչիրովա: «Սանտուիչ»ները աւելի նուազ վնասակար կարելի է դարձնել: Ամբողջական սնունդը պէտք է ներառէ սննդանիւթերու բոլոր խումբերը՝ չլուծուող բջիջանիւթեր, սպիտակուցներ, ճարպեր եւ ածխաջուրեր։ Կարելի է պատրաստել «սանտուիչ» մը, որ կը պարունակէ բոլոր անհրաժեշտ «մաքրօէլեմընթ»ները, որմէ ետք աւելորդ կշիռք չէք ունենար», ըսած է մասնագէտը։ Ածխաջուրերը,…

Լեզուն Կրնայ Վկայել B12 Վիթամինի Պակասի Մասին

Օրկանիզմին մէջ վիթամին B12-ի պակասը կրնայ տարբեր հիւանդութիւններ յառաջացնել, որոնք կրնան տարբեր ձեւով դրսեւորուիլ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է սննդաբան, սննդային վարքագիծի խանգարումներու մասնագէտ Հելեն Ուեսթ։ Daily Express-ին համաձայն, մասնագէտին խօսքով, կայ մէկ նշան, որով կարելի է անմիջապէս հասկնալ, որ մարդ B12-ի պակաս ունի։ Կը պարզուի, որ լեզուն նման պարագաներուն կ՛ուռի, կը կարմրի եւ քիչ մը…

Անվտանգ հեռաւորութիւնը Համակարգիչի «Մոնիթոր»էն Մինչեւ Աչքերը

Տեսողութիւնը չվնասելու համար ակնաբոյժ Սերկէյ Խոմեաքով կը յանձնարարէ «էքրան»էն հեռու մնալ 50-60 սանթիմեթր։ Մասնագէտը կը յանձնարարէ «մոնիթոր»ը տեղադրել անմիջապէս անհատին դիմացը, մինչդեռ ատոր վերին եզրը պէտք է ըլլայ տեսադաշտի մակարդակին վրայ։ Ան յանձնարարած է պահել 50-60 սանթիմեթր, սակայն հեռաւորութիւնը կրնայ տարբերիլ՝ կախեալ ըլլալով սարքի անկիւնագիծէն։ «Եթէ դուք կ՛աշխատիք 25-30 սանթիմեթր «էքրան»ի անկիւնագիծով «նօթպուք»ի կամ «թապլէթ»ի…

COVID-19-ի Ընթացքը Պատուաստուած Մարդոց Մօտ

Պատուաստուած մարդոց պարագային, COVID-19-ն աւելի մեղմ կ՛ընթանայ, քան անոնց պարագային, որոնք չեն պատուաստուած։ Այս մասին յայտարարած են Վիտորվէ հիւանդանոցի բորբոքումի հետ կապուած հիւանդութիւններու ամպիոնի գլխաւոր բժիշկ, փրոֆեսոր Թոմաս Պենֆիլտ եւ Օրհուսի համալսարանի «իմիւնոլոճի»ի փրոֆեսոր Ռուն Հարթման: Danmarks Radio-ի համաձայն` եթէ ամբողջապէս պատուաստուած մարդիկ այնուամենայնիւ կը վարակուին, այդ կը կոչուի «բեկումնային վարակ»: Այդ պարագային, պատուաստուածներու մօտ…

Ուտելիքներ՝ Պայքարելու Աշնանային «Սթրես»ին Դէմ

Աշնանային եւ ձմեռնային ժամանակամիջոցին, եղանակին հայթայթուած բանջարեղէնը շատ կարեւոր է առողջութեան պահպանման համար: Աւելին` այդ բանջարեղէններէն քանի մը հատը կրնան օգնել պայքարելու «սթրես»ի դէմ, յայտնած է սննդաբան Եվկենի Արզամասցեւ։ Մասնագէտը նման ուտելիքներու առաջին շարքին նշած է ճակնդեղը: «Ճակնդեղին մէջ B խումբի վիթամիններու լայն տեսականի կայ, ատոնք մեզի համար անհրաժեշտ են նեարդային համակարգին համար: Այլ եղանակի…