Գիտնականները կը յայտնաբերեն թաքնուած գործընթաց մը, որ կը վնասէ ուղեղը կաթուածէն ետք

Գիտնականները մօտեցած են պատասխանելու նեարդաբանութեան ամենադժուար հարցումներէն մէկուն՝ ինչո՞ւ կաթուածէն ետք ուղեղի վնասուածքը կը շարունակէ տարածուիլ ժամերով եւ նոյնիսկ օրերով՝ սկզբնական պատահարէն ետք։ Cell Metabolism հանդէսին մէջ հրատարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ անոր մէջ զգալի դեր կը խաղայ ոչ միայն թթուածինի սկզբնական պակասը, այլ նաեւ՝ ուղեղին հետագայ քայքայիչ արձագանգը։ Կաթուածի ժամանակ ուղեղին…

Կանանց ոսկրային առողջութեան մասին նոր պատկերացումներ․ սնունդ, մարզանք եւ կանխարգիլում

Դաշտանադադարի ժամանակ կիներ կ՛ապրին ոսկրային զանգուածը արագ կորսնցնելու ամենէն արագ փուլերէն մէկը ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Փենսիլվանիայի համալսարանի հետազօտող Մերի Ճէյն Տը Սուզայի համաձայն, կիներ կրնան ընդամէնը երեք տարուան ընթացքին կորսնցնել իրենց ոսկրային հիւսուածքին մինչեւ 10 առ հարիւրը՝ դաշտանադադար սկսելէն մէկ տարի առաջ եւ շարունակելով մինչեւ անոր յաջորդող առաջին երկու տարիները։ Ահա թէ ինչու մասնագէտները առաւել…

Ճնշուածութիւնը ժամանակակից կեանքին մէջ․ ինչո՞ւ ճնշուածութիւն կը զգանք եւ ինչպէ՞ս պէտք է կառավարել զայն

Ճնշուածութիւնը (stress) բնական արձագանգ մըն է, որ ձեր մարմինը կը զգայ, երբ փոփոխութիւններ կամ մարտահրաւէրներ կը յառաջանան։ Անիկա կրնայ յառաջացնել տարբեր ֆիզիքական, զգացմունքային եւ վարքային արձագանգներ։ Ամէն մարդ ժամանակ առ ժամանակ կը զգայ ճնշուածութիւն․ դուք չէք կրնար խուսափիլ անկէ։ Սակայն, ճնշուածութեան կառավարման «մեթոտ»ները կրնան օգնել ձեզի յաղթահարելու զայն։ Ի՞նչ է Ճնշուածութիւնը։ Ճնշուածութիւնը (stress) բնական մարդկային…

Խլութեան բուժման մէջ յեղափոխութիւն. առաջին հիւանդները կը լսեն խօսքը

Գիտնականները յայտնած են բնածին խլութեան դէմ ծինային բուժումի՝ մինչեւ օրս կատարուած ամենէն մեծ եւ երկարատեւ «քլինիքական» փորձարկման տպաւորիչ արդիւնքներու մասին։ Քանի մը տարուան դիտարկումներու ընթացքին լսողութեան զգալի բարելաւում արձանագրուած է փորձարկման մասնակիցներու՝ լսողութեան ամբողջական կորուստ ունեցող փոքրիկներու եւ չափահասներու 90 առ հարիւրի մօտ։ Nature գիտական ամսագրին մէջ հրատարակուած հետազօտութիւնը ընդգրկած է Չինաստանէն 42 մասնակիցներ՝ մեծամասամբ…

Փոքրիկները աւելի շատ քունի կարիք ունին, քան ծնողները կը կարծեն․ ինչպէս լրացնել քնանալու ժամի բացը

«Մենք մեկուսացած չենք ապրիր, ոչ ալ մեկուսացած կը քնանանք։ Որքան ալ որ քունը ինքնորոյն վարքագիծ մըն է, անիկա նաեւ տեղի կ՛ունենայ ընկերային միջավայրի մէջ», ըսած է Ճոզէֆ Ծիրզեւսքի, Ազգային քունի հիմնարկութեան հետազօտութիւններու եւ գիտական հարցերու աւագ փոխնախագահը։ «Ասիկա կենսականօրէն կարեւոր է ձեր ներկայ եւ ապագայ առողջութեան համար․ ոչ միայն մանկութեան տարիներուն քունը հիմք կը դնէ…

Արդիւնաւէտ բնական միջոցներ գլխացաւը առանց դեղի մեղմելու համար

Գլխացաւը ամենէն ընդհանրացած խնդիրներէն է, որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ տարբեր պատճառներով, այդ շարքին «սթրես»-ով, յոգնածութեամբ, առողջական որոշ խնդիրներով եւ այլն։ Նման տհաճ զգացողութիւնները կրնան խիստ բացասաբար անդրադառնալ մարդու կեանքի որակին վրայ, ուստի զարմանալի չէ, որ մարդիկ կը փորձեն կարելի եղած չափով շուտ ազատիլ ցաւէն։ Գլխացաւերը մեղմելու համար, մարդիկ սովորաբար ցաւազրկող դեղեր կ՛առնեն, սակայն կը պատահին…

Արհեստական բանականութիւնը կը յայտնաբերէ կենսաբանական վաղ «բեկումնային կէտեր»՝ հիւանդութեան կանխատեսման համար՝ նախքան ախտանշաններու ի յայտ գալը

Նոր խմբագրական մը կը նշէ, որ բժշկական արհեստական բանականութեան ապագան կը կայանայ ոչ միայն հիւանդութիւնները ի յայտ գալէն ետք ախտորոշելուն մէջ, այլ նաեւ՝ կանուխ փուլին նուրբ կենսաբանական փոփոխութիւններու յայտնաբերման մէջ՝ նախքան ախտանշաններու զարգացումը։ Intelligent Medicine-ին մէջ հրապարակուած յօդուածը, որ պատրաստուած է Չինաստանի առաջատար հաստատութիւններու հետազօտողներու կողմէ, կը շեշտէ բժշկական տուեալներու «տինամիք» փոփոխութիւններու վերլուծութեան կարեւորութիւնը։ «Կենոմ»-ային…

Բնական, առանց շաքարի մածունը կարելի է անվտանգ կերպով ներառել նորածինի սննդականոնին մէջ` վեց ամսականէն

Գիտնականները եւ մանկաբոյժները յայտարարած են, որ բնական, առանց շաքարի մածունը կարելի է ապահով կեպով ներառել նորածինի մը սննդականոնին մէջ՝ սկսելով վեց ամսականէն, եւ անիկա պէտք է նկատի ունենալ որպէս լրացուցիչ սնուցման անբաժանելի մաս, այլ ոչ թէ որպէս «վիճելի» մթերք։ Այս եզրակացութեան յանգած է մասնագէտներու միջազգային խումբ մը, որ ակնարկ մը հրապարակած է Archivos Argentinos de…

Ամերիկեան սրտաբանական ընկերակցութեան 9 սննդային կանոնները՝ առողջ սրտի համար

Ամերիկեան սրտաբանական ընկերակցութիւնը (AHA) նոր սննդային յանձնարարականներ հրապարակած է, որոնք նպատակ ունին նուազեցնելու սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու վտանգը եւ պահպանելու սրտի առողջութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին, հաղորդած է News Medical-ը»։ Մասնագէտները կ՛ընդգծեն, որ սրտի առողջութիւնը չի կառուցուիր նորաձեւ սննդականոններու վրայ, այլ՝ հետեւողական, ամէնօրեայ սննդային սովորութիւններու եւ ապրելակերպի ընտրութիւններու վրայ։ Գլխաւոր սկզբունքն է պահպանել բարենպաստ կշիռք՝ «քալորի»-ներու ստացումը հաւասարակշռելով…

Մարդոց օրկանիզմին մէջ ժահրերու մեծ մասը կը մնայ «քնացած» վիճակի մէջ

Նոյնիսկ ամբողջովին առողջ անհատներ իրենց օրկանիզմին մէջ անընդհատ կը կրեն ժահրեր՝ յաճախ զգալի քանակներով։ Այս եզրակացութիւնը հիմնուած է ուսումնասիրութեան մը վրայ, որ վերլուծած է մօտաւորապէս մէկ միլիոն մարդու տուեալները։ Արդիւնքները հրապարակուած են Nature գիտական ամսագրին մէջ։ Հետազօտութիւնը կատարուած է Harvard Medical School-ի գիտնականներու գլխաւորած խումբը։ Անոնք վերլուծած են աւելի քան 917,000 մարդու արիւնի եւ թուքէն…