Հոտառութեան Կորուստի Պատճառը Քորոնա Ժահրի Ժամանակ
«Ճին»երու յատուկ համակցութիւնը կրնայ COVID-19-ի ժամանակ հոտառութեան կորուստի բարձր վտանգի պատճառ ըլլալ։ Nature Genetics գիտական ամսագրին մէջ, ամերիկացի գիտնականները կապ մը գտած են UGT2A1 եւ UGT2A2 «Ճին»երու «լոքըս»ներու փոփոխութիւններու եւ քիթի հոտառութեան «էփիթիլիում»ի բջիջներու աշխուժութեան միջեւ, հաղորդած է «Իզվեսթիա»ն: «Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ բնակչութեան, Genotek-ի իւրաքանչիւր եօթներորդ յաճախորդը ունի UGT2A1 / UGT2A2 «Ճին»ի տարբերակներ, որոնք…