Գիտնականներ Պաշտպանիչ Դիմակ Մը Կը Պատրաստեն

Ֆրանսական BioSerenity ընկերութեան մասնագէտները պաշտպանիչ դիմակ մը պատրաստած են, որ կ՛ոչնչացնէ քորոնա ժահրը, յայտնած է BFMTV-ն: Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարք Ֆրուին յայտնած է, որ այս դիմակը «ժահրերը արգելափակելու» ունակութիւն ունի: Դիմակը բաղկացած է 4 շերտէ, որոնցմէ մէկը «հակապաքթիրիըլ» եւ հակաժահրային յատկութիւններ ունի: Դիմակը մէկ անգամ օգտագործելու համար է, եւ կը յանձնարարուի զայն կրել ոչ աւելի,…

Քորոնա Ժահրի Բրիտանական Շտամի Ախտանիշները Մանուկներու Մօտ

Մանուկներու կէսէն աւելին, որոնք վարակուած են քորոնա ժահրի բրիտանական շտամով, կը տառապին յոգնածութենէն: Շատեր ինքնամփոփ կը դառնան, հաղորդած է Express-ը` յղում կատարելով փորձագէտներուն: Յայտնի է նաեւ, որ շատ մը փոքրիկներ, որոնց մօտ յայտնաբերուած է բրիտանական շտամը, բողոքած են գլխացաւէն: Անոնք նաեւ որովայնի բաժինին մէջ ցաւ զգացած են: 37 աստիճանէն բարձր տաքութիւն նկատուած է վարակուած փոքրիկներէն…

Երկիր Մոլորակի Իւրաքանչիւր 50-րդ Բնակիչ Պատուաստուած Է Քորոնա Ժահրի Դէմ

Երկիր մոլորակի աւելի քան 159,3 միլիոն բնակիչ արդէն իսկ պատուաստուած է քորոնա ժահրին դէմ: Այդ բնակչութեան աւելի քան 2 առ հարիւրն է, եթէ նկատի ունենանք այն, որ 2020-ի կէսերու դրութեամբ, ՄԱԿ-ի՝ ազգաբնակչութեան թուաքանակի հաշուարկներով, Երկրի բնակչութիւնը կը կազմէ 7 միլիառ 795 միլիոն մարդ: ԹԱՍՍ-ի հաղորդումով, այսօր, միջինը՝ օրական մօտաւորապէս 6 միլիոն դեղաչափով պատուաստում կը կատարուի:…

Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամի Ախտանիշներ

Քորոնա ժահրով վարակման հիմնական ախտանիշներն են տաքութիւնը, հազը, համի կամ հոտառութեան կորուստը: Քորոնա ժահրի նոր շտամը, որ առաջին անգամ արձանագրուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, նոյն ախտանիշներով կ՛արտայայտուի: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով դեղագործ Հուսէյն Ապտեհին: Մասնագէտին խօսքով` եթէ մարդ չոր հազ, քանի մը շաբաթ անընդմէջ առանց որեւէ պատճառի հոգնածութիւն, համի կամ հոտի փոփոխութիւններ (կամ…

Աչքերու Տակ Մութ Գոյնի Շրջանակները Ի՞նչ Հիւանդութիւններ Կը Մատնանշեն

Աչքերու տակ մութ գոյնի շրջանակներու յառաջացման պատճառը ոչ անպայման թուլութիւնը եւ անքնութիւնն են: Այդ կրնայ կապուած ըլլալ ներքին օրկաններու աշխատանքի լուրջ խախտումներու հետ, յայտնած են իմիւնաբան, արեան եւ ալերժիի մասնագէտ Քսենիա Պոչարովա: Անոր խօսքով՝ աչքերու տակ կապտաբիծերու յառաջացման վրայ կրնան ազդել շարք մը գործօններ, այդ շարքին՝ անքնութիւն, մեծ քանակութեամբ թէյի, սուրճի օգտագործում, ծխել, վատառողջ ապրելակերպ,…

Անսովոր ախտանիշ Մը Կրնայ Վկայել Քորոնա Ժահրի Մասին

Եթէ ձեր սնունդը կապուի ստուարաթուղթի կամ թուղթի հետ, այդ մէկը կրնայ քորոնա ժահրային վարակի ախտանիշ ըլլալ: Քորոնա ժահրը կրնայ այլազան ախտանիշներ յառաջացնել: Ախտանիշներու ցուցակը այսօր արդէն բաւական տպաւորիչ է: Որոշ ախտանիշներու շատ յաճախ կը հանդիպինք, միւսներուն` աւելի հազուադէպ: Քիչ մարդիկ կը խօսին այս ախտանիշին մասին, բայց մասնագէտներու խօսքով՝ քորոնա ժահրի հաստատուած վարակով շատ հիւանդներ յայտնած…

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Անվարակունակ Են Քորոնա Ժահրին Նկատմամբ

Ամերիկացի գիտնականներ ուսումնասիրած են որոշ մարդոց անվարակունակութեան պատճառները քորոնա ժահրին նկատմամբ եւ նկարագրած են այս ժահրին հանդէպ դիմադրողականութեան ձեւաւորման հիմնական մեքանիզմները: Նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է Science ամսագիրին մէջ: Ճենիֆըր Հոուփ եւ Լինտա Պրետլի՝ Burnham Prebis Medical Discovery Institute (SBP)-էն (Քալիֆորնիա նահանգ) պարզած են, որ երբ ժահրերը ընդունող բջիջներ կը ներթափանցեն, բջիջային մեքանիզմներ գործի կը դնեն…

Կարելի՞ է Գեր եւ Միաժամանակ Առողջ Ըլլալ. Նոր Հետազօտութիւն

Այսօր, բաւական տարածուած է այն կարծիքը, որ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ կշիռք եւ միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, Սպանիայէն գիտնականներու խումբ մը փաստած է, որ այս մէկը միայն առասպել է, եւ թէ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են: Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են առաջին համազգային հետազօտութիւնը, որուն մէջ ուսումնասիրած են…

Խօսիլը Հազալու Նման Վտանգաւոր Է Քորոնա Ժահրի Փոխանցման Համար. Հետազօտութիւն

Համավարակի ժամանակ վտանգաւոր է ոչ միայն վարակուած մարդոց հազը, այլ՝ սովորական զրոյցը կամ խօսակցութիւնը: Կարելի է վարակուիլ նոյնիսկ 2 մեթր հեռաւորութենէն, ընդամէնը կէս վայրկեան վարակուած մարդու մը հետ պարզապէս շփուելով: Այս մասին յայտնած են Քեմպրիճի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութեան հեղինակները ժահրի փոխանցումը մօտելաւորած են՝ հաշուի առնելով կաթիլի չափերը, որոնք միջավայրին մէջ կը յայտնուին հազալու կամ խօսելու…

Նեարդաբանական Խանգարումներ Քորոնաժահրի Բարդութիւններու Պատճառով

Քորոնաժահրային վարակումով որոշ հիւանդներու մօտ կրնան դրսեւորուիլ կարգ մը բարդութիւններ, այդ շարքին՝ նեարդաբանական խանգարումներ, ինչպէս վարակուած ըլլալու շրջանին, այնպէս ալ բուժուելէն ետք: Այս մասին յայտնած է նեարդաբան Նէոնիլա Ֆոմինա-Չերթոուսովա, փոխանցած է «Ռոսիյսքայա կազեթան»: COVID-19-ի պարագային, կրնան յառաջանալ նաեւ կեդրոնական նեարդային համակարգի հետ կապուած խնդիրներ: Աւելին՝ քորոնաժահրով վարակուելու պարագային, կաթուածի զարգացման հաւանականութիւնը կը մեծնայ շուրջ 6…