Ինչպէ՞ս բարձրացնել դիմադրողականութիւնը
Դիմադրողականութեան մասնագէտ Մարգարիտա Յովնանեան, զրոյցի ընթացքին, յայտնած է, թէ ինչպէս բոլոր ժահրային հիւանդութիւններուն, այնպէս ալ պսակաձեւ ժահրի պարագային, պէտք է դիմադրողականութեան բարձրացում։ «Դիմադրողականութիւնը բարձրացնող ուղղակի դեղեր չեմ նշեր, որովհետեւ կան այնպիսի դեղեր, որոնք ոչ մէկ դեր կը կատարեն եւ մեծամասամբ վաճառականութիւն կը նկատուին։ Ատոր համար, հիմնականին մէջ, կը յանձնարարենք օգտագործել վիթամիններ՝ վիթամին C եւ B…