Դիմադրողականութեան մասնագէտ Մարգարիտա Յովնանեան, զրոյցի ընթացքին, յայտնած է, թէ ինչպէս բոլոր ժահրային հիւանդութիւններուն, այնպէս ալ պսակաձեւ ժահրի պարագային, պէտք է դիմադրողականութեան բարձրացում։
«Դիմադրողականութիւնը բարձրացնող ուղղակի դեղեր չեմ նշեր, որովհետեւ կան այնպիսի դեղեր, որոնք ոչ մէկ դեր կը կատարեն եւ մեծամասամբ վաճառականութիւն կը նկատուին։ Ատոր համար, հիմնականին մէջ, կը յանձնարարենք օգտագործել վիթամիններ՝ վիթամին C եւ B «քոմփլեքս»-ի վիթամիններ պարունակող ուտելիքներ։
Կարելիութեան պարագային, մարզանք ընել, ձեւաւորել օրկանիզմը։ Հիմա, մեր պայմաններուն մէջ, երբ կարելի չէ շատ դուրս գալ, այնպէս կ՛ըլլայ, որ ֆիզիքական վարժութիւններու միջոցով ձեւաւորումը կը նուազի, ատոր համար մենք կ՛օգտագործենք համապատասխան միջոցներ, որոնք աւելի շատ վիթամին C պարունակող ուտելիքները կամ պատրաստ դեղագործարանային նիւթերն են»։
Ինչ կը վերաբերի հեղուկներուն, մասնագէտը կը յանձնարարէ առաջին կարգին խմել գաղջ ջուր․ «Այդ մէկը շատ օգտակար է եւ յանձնարարելի է, որ օրուան ընթացքին շատ օգտագործուի։ Եթէ խօսինք թէյերու մասին, ապա խորհուրդ կը տրուին բուսական, կանաչ թէյերը, որոնք նոյնպէս կրնան ազդել դիմադրողականութեան վրայ»։