Զգոյշ Պարբերաթերթ, Բացառիկ Համար 2020

Պէյրութի նաւահանգիսին պայթումը՝ 4 Օգոստոսին, տխուր նոր էջ մը բացաւ յոգնատանջ այս երկրի պատմութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը նաեւ անմասն չմնաց աղէտին հետեւանքներէն եւ ունեցաւ նահատակներ ու ենթարկուեցաւ նիւթական եւ հոգեկան ծանր վնասներու: «Զգոյշ»ի բացառիկ այս թիւը նուիրուած է աղէտահար մեր ժողովուրդին: Այս թիւով կը փորձենք ներկայացնել պատկերը հայահոծ շրջաններու կրած վնասներուն, բայց նաեւ՝ այն աննախընթաց նուիրումին,…

Շարունակելով Իր Մարդասիրական Եւ Հայօգնութեան Առաքելութիւնը. ԱՖՀԻԼ Այս Տարի Եւս 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիով Նեցուկ Կանգնեցաւ 142 Ուսանողներու, 120 Աշակերտներու Եւ Հայկական Հաստատութիւններու

Տարիներու իր մարդասիրական, հայօգնութեան ծառայութեան ծիրին մէջ, աւանդութեան վերածուած քայլով մը այս տարի եւս Լիբանանահայ իրերօգնութեան սնտուկը, որ աւելի ծանօթ է ԱՖՀԻԼ անունով,  երէկ, չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ կազմակերպած իր հաւաքով դարձեալ եկաւ հաստատելու, որ նեցուկ է հայ աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ հայկական հաստատութիւններու: Ձեռնարկին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ…

Ինչո՞ւ կարելի չէ համբուրել նորածիններուն

Նիւ Ճըրզիի բնակիչներէն Արիանա ԴիԳրիգորիոն կը զգուշացնէ, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ համբուրել նորածիններուն: Facebook-ի իր էջին վրայ Արիանա ան տեղադրած է իր նորածին տղուն՝ Անթոնիոյին լուսանկարը: «Եսասեր մի՛ ըլլար: Մի՛ համբուրեր փոքրիկներուն: Չ՛արժեր»,- գրած է ան, հաղորդած է Fox News-ը: Անոր 8 ամսական տղան հիւանդանոց հասած է RՏ-«վիրուսի» վարակով, որ տարածուած է: Հիւանդութիւններու կանխարգիլումի եւ…

Ինչպէ՞ս պայքարիլ քաղցրեղէն ուտելու փափաքին դէմ. սննդաբանի խորհուրդները

Ժամանակակից շատ մարդիկ իրենց կեանքը չեն պատկերացներ առանց քաղցրաւենիքներու. կարկանդակները, «ուաֆըլ»-ները, թխուածքապլիթները եւ շաքար-շոքոլաները շատոնց դարձած են անոնց ամէնօրեայ սննդաբաժինի մէկ մասը։ Այս բոլոր ուտելիքները վնասակար են թէ՛ առողջութեան, թէ՛ կազմուածքին, եւ շատերը հիանալի կերպով կը հասկնան, բայց չեն պատկերացներ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է պայքարիլ քաղցր ուտելու ցանկութեան դէմ։ Սննդաբան Գայեանէ Շահխաթունի քանի մը խորհուրդ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՖՀԻԼ իրար օգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար, իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու: Դիմումնագիրները պիտի ամբողջացուին ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն www.afhil.com university fund application. Մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2019 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուած ըլլան: Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել: Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները…