Լուրեր

Պէյրութի նաւահանգիսին պայթումը՝ 4 Օգոստոսին, տխուր նոր էջ մը բացաւ յոգնատանջ այս երկրի պատմութեան մէջ: Լիբանանահայութիւնը նաեւ անմասն չմնաց աղէտին հետեւանքներէն եւ ունեցաւ նահատակներ ու ենթարկուեցաւ նիւթական եւ հոգեկան ծանր վնասներու: «Զգոյշ»ի բացառիկ այս թիւը նուիրուած է աղէտահար մեր ժողովուրդին: Այս թիւով կը փորձենք ներկայացնել պատկերը հայահոծ շրջաններու կրած վնասներուն, բայց նաեւ՝ այն աննախընթաց նուիրումին, միասնականութեան, հաւաքական ծառայութեան ոգիին, զորս ցուցաբերեցին մեր հոգեւոր ու աշխարհիկ առաջնորդները, մեր միութիւնները, հայ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս՝ ամոքելու համար վիրաւոր ու տառապեալ հոգիները, թեթեւցնելու համար նիւթական դժուարութիւնները եւ վերջին հաշուով՝ վերականգնելու համար հայափարոս այս գաղութը: «Զգոյշ»ի այս թիւին մէջ լոյս տեսած գրութիւնները քաղուած են լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ մամուլէն, եւ կը վերաբերին 4 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբեր երկարող ժամանակահատուածի դէպքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն: Անոնք կ՚ընդգրկեն նաեւ ի խորոց սրտի գրուած յօդուածներ:

Click Here to Read the PDF Online