Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն:

ԱՖՀԻԼ-ի Հասոյթէն Տարեկան 50 Հազար Տոլար Կրթական Նպատակներու Պիտի Տրամադրուի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէնութեանց ու հայ 100 համալսարանականներու, երէկ` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ աշակերտական ֆոնտի 2013-2014 տարեշրջանի նպաստներու բաշխումը:

ԱՖՀԻԼ Կ՛օժանդակէ Ուսանողներուն Եւ Աշակերտներուն

Այսօր երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներուն եւ աշակերտներուն տրամադրուած յատկացումներու տուչութիւն: Այս նախաձեռնութեամբ` իր տարաբնոյթ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան կողքին, ԱՖՀԻԼ-ը նաեւ տարիներէ ի վեր իր ներդրումը կ՛ունենայ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ` օժանդակելով նիւթական դժուարութիւն ունեցողներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն եւ զինուին վկայականներով:

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզական Նոր Կեդրոնի Բացում` Պուրճ Համուտի Մէջ

Համուտի հայկական դիմագիծի վերակենդանացման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, սփիւռքահայութեան այս բաբախուն «սիրտ»-ը երէկ անկիւնադարձային օր մը ապրեցաւ: Արդարեւ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտէն սկսեալ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղամասերէն թէ մերձակայ շրջաններէն հայորդիներ հետզհետէ փութացին համախմբուիլ Պուրճ Համուտի առեւտրական «Արին» կեդրոնի թաղը, ուր միօրեայ փառատօնը իր այլազան ելոյթներով կը խանդավառէր մթնոլորտը:

Կալա – Ընթրիք` ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակին Առիթով

Երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուար 2013-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ կալա-ընթրիք, որ հրաւիրուած էին 300 հոգի` ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դպրոցներու տնօրէններ, ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, Իրերօգնութեան սնտուկներու սենտիքան լրիւ կազմով, բժիշկներ եւ գործատէրեր:

ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակ. Կրթանպաստի Բաշխում` 120 Ուսանողներու Եւ 80 Երկրորդականի Աշակերտներու

Երէկ` երկուշաբթի, 18 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կրթանպաստներ բաժնուեցան 120 ուսանողներու եւ 11 վարժարաններէ երկրորդական կարգերու 80 աշակերտներու: Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարաններու տնօրէններ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԾԱԾԿՈՅԹ

ՆԵՐԱԾԱԿԱՆ ԱՖՀԻԼ-ի ծրագիրի հիմնական ծածկոյթը կը կազմէ՝ Հիւանդանոցային Առողջապահական խնամքը, ապահովագրելով համաձայնութեամբ ստորագրուած բժշկական բոլոր ծախսերը՝ հիւանդանոցէն ներս կեցութեան ամբողջ ընթացքին: Ո՞վ կրնայ բաժանորդագրուիլ եւ ինչպէ՞ս: Այս ծրագիրին մաս կազմելու նոր անդամի մը տարիքային սահմանումը՝ 14 օրուան նորածինէն մինչեւ 65 տարեկան է: Միւս կողմէ, տարիքային սահմանում չկայ այն անդամին համար, որ արդէն իսկ ապահովագրուած է…

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՆԻՒԻ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

All risk motor ապահովագրութիւնը ամբողջական ծածկոյթ է ձեր մեքենային (ինքնաշարժ, շարժանիւ): Երբ կ՛ընտրէք միայն պարտաւորութեան ծածկոյթը,  ապահովագրած կ՛ըլլաք երրորդ կողմին եղած վնասը, սակայն ապահովագրած չէք ըլլար ձեր սեփական ինքնաշարժին վնասի ծածկոյթը: Ձեր ինքնաշարժը ապահովագրելու համար, պէտք ունիք մեր All Risk Motor product-ներէն մէկը: 1-DRIVE Ինչպէս գիտենք, մարմնային վնասուածքի ապահովագրութիւնը ստիպողական է օրէնքով: Կրնաք պարտաւորութեան ձեր…

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ/ԽՄԲԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մի՛ ձգէք, որ արկած մը զրկէ ձեր ընտանիքը փայլուն ապագայի մը երազէն: Արկածներ կը պատահին որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ: Կարելի չէ բան մը ընել այդ ուղղութեամբ, սակայն կրնաք լաւ ձեւով դուք ձեզ ապահովել:  Մեր Անհատական/Խմբային Կեանքի Ապահովագրութեան պայմանագրութիւնները կ՛ապահովեն նիւթական հատուցում՝ անկարողութեան մը պարագային: Ծրագրէ՛ յատուկ պարագաներ եւ առաւելութիւններ: Արկածէ մահանալու պարագային Ամբողջական եւ…