All risk motor ապահովագրութիւնը ամբողջական ծածկոյթ է ձեր մեքենային (ինքնաշարժ, շարժանիւ): Երբ կ՛ընտրէք միայն պարտաւորութեան ծածկոյթը, ապահովագրած կ՛ըլլաք երրորդ կողմին եղած վնասը, սակայն ապահովագրած չէք ըլլար ձեր սեփական ինքնաշարժին վնասի ծածկոյթը: Ձեր ինքնաշարժը ապահովագրելու համար, պէտք ունիք մեր All Risk Motor product-ներէն մէկը:
1-DRIVE
Ինչպէս գիտենք, մարմնային վնասուածքի ապահովագրութիւնը ստիպողական է օրէնքով: Կրնաք պարտաւորութեան ձեր ծածկոյթը ամբողջականացնել՝ ապահովագրելով երրորդ կողմի նիւթական վնասները: Drive-ը ինքնաշարժի այն ապահովագրութիւնն է, որուն միջոցով երրորդ կողմի նիւթական վնասները կրնաք ծածկել, երբ ինքնաշարժի արկած մը պատահի:
- Ծածկոյթի սահմանը, (որ կախեալ է ձեր ընտրանքէն), կրնաք զատել 250,000 կամ 1,000,000 ամ. տոլար՝ որպէս նիւթական վնասի ծածկոյթ:
- Հիւանդանոցային բժշկական ծախսեր վարիչին եւ ոչ երրորդ կողմի՝ ինքնաշարժին մէջ գտնուող անձի՝ 1,000 ամ. տոլար
- Մահ եւ ամբողջական կամ յարաբերական անկարողութիւն իւրաքանչիւր անձի՝ 5,000 ամ. տոլար
- Ճամբու օգնութիւն, որ ինքնաշարժը վերցնելու (քարշարկելու) կ՛օգնէ կամ մասնագէտի մը օգնութիւնը կը տրամադրէ արկածի մը պարագային:
2-DRIVE +
1)Երրորդ Կողմի Պարտաւորութիւն. նիւթական վնաս՝ 1,000,000 ամ. տոլար
2) All Risk Ներառեալ Ճամբորդ եւ Վարիչ
- Բժշկական ծախսեր իւրաքանչիւր անձի՝ 1,000 ամ. տոլար
- Մահ եւ ամբողջական, մնայուն անկարողութիւն իւրաքանչիւր անձի՝ 5000 ամ. տոլար
- Հրդեհ եւ ինքնաշարժի պայթում
- Բռնի ուժ կիրառելով գողութիւն ընել
- Ինքնաշարժի ամբողջական կորուստ արկածէ մը ետք
- SOS ճամբու ձրի օգնութիւն
3-DRIVER
1) Երրորդ Կողմի Պարտաւորութիւն. նիւթական վնաս՝ 1,000,000 ամ. տոլար
2) All Risk Ներառեալ Ճամբորդ եւ Վարիչ
- Բժշկական ծախսեր իւրաքանչիւր անձի՝ 1,000 ամ. տոլար
- Մահ եւ ամբողջական, մնայուն անկարողութիւն իւրաքանչիւր անձի՝ 5000 ամ. տոլար
- Հրդեհ եւ ինքնաշարժի պայթում
- Բռնի ուժ կիրառելով գողութիւն ընել
- Ինքնաշարժի ամբողջական կորուստ արկածէ մը ետք
- Ապահովագրուած ինքնաշարժի վնասուածք
- Վարձու ինքնաշարժ, ամբողջական կորուստի պարագային առաւելագոյնը 10 օր
- SOS ճամբու ձրի օգնութիւն
- Ենթագնահատութիւն տեղի կ՛ունենայ նոր փոխնորդ կտորներու վրայ (0 առ հարիւր շինուած տարին, 10 առ հարիւր՝ երկրորդ տարին եւ 5 առ հարիւր՝ յաջորդող իւրաքանչիւր տարի, առաւելագոյնը՝ 50 առ հարիւր): Ինքնաշարժը ամբողջական կորուստ կը նկատուի, եթէ նորոգութեան ծախսը անցնի այդ օրուան ինքնաշարժի գինին 70 առ հարիւրը: Ամբողջական կորուստի պարագային, վնասուց հատուցումը կ՛ըլլայ՝ այդ օրուան ինքնաշարժի արժեգինով:
4-DRIVER + COVERAGE
1)Երրորդ Կողմի Պարտաւորութիւն. նիւթական վնաս՝ 1,000,000 ամ. տոլար
Մարմնային վնասուածք՝ ապահովագրութեան սահմանէն աւելի 10,000,000 ամ. տոլար
2) All Risk Ներառեալ Ճամբորդ եւ Քշող
- Բժշկական ծախսեր իւրաքանչիւր անձի՝ 3,000 ամ. տոլար
- Մահ եւ ամբողջական, մնայուն անկարողութիւն իւրաքանչիւր անձի՝ 5000 ամ. տոլար
- Վնասուց հատուցում վարիչին՝ 2500 ամ. տոլար իւրաքանչիւր պահանջքի եւ պայմանագրութեան ժամանակամիջոցին (ապահովագրուած արկածէ մը ետք, վարիչին հիւանդանոցային բուժումի ժամանակ, ընկերութիւնը օրական յիսուն ամ. տոլարի վնասուց հատուցում կը տրամադրէ վարիչին, առաւելագոյնը՝ 2500 ամ. տոլար իւրաքանչիւր պահանջքի եւ պայմանագրային ժամանակամիջոցի…..)
- Հրդեհ եւ ինքնաշարժի պայթում
- Բռնի ուժ կիրառելով գողութիւն ընել
- Ինքնաշարժի հիմնական փոխնորդ կտոր ապահովուած է մինչեւ 2,500 ամ. տոլար իւրաքանչիւր պահանջքի եւ պայմանագրային ժամանակամիջոցի
- Ինքնաշարժի ամբողջական կորուստ
- Ապահովագրուած ինքնաշարժի վնասուածք
- Վարձու ինքնաշարժ. նորոգութեան կամ ամբողջական կորուստի պարագային, 3-10 օրուան ժամանակամիջոցի ընթացքին
- SOS Ճամբու ձրի օգնութիւն
- Ինքնաշարժի արձանագրութեան ծախսեր՝ ամբողջական կորուստէ ետք. ինքնաշարժի արժեգինի 7.5 առ հարիւրը
- Արկածի ծախսերու մասնակցութիւն՝ 5,000 ամ. տոլարով
- Վնասուածք՝ կարկուտի, փոթորիկի, մրրիկի, ջրհեղեղի պատճառներով՝ ինքնաշարժի արժեգինին 10 առ հարիւրը
(առաւելագոյնը՝ 10,000 ամ. տոլար) իւրաքանչիւր պահանջքի եւ պայմանագրային ժամանակամիջոցի - Ենթագնահատութիւն տեղի չ՛ունենար նոր փոխնորդ կտորներու պարագային: (Ենթագնահատութիւն կ՛ըլլայ, երբ ինքնաշարժին արտադրութեան վեց տարի անցած է:)
Նաեւ կ՛ընդգրկէ՝ ներկայացուցիչներու մօտ նորոգութիւն, այն ինքնաշարժներուն համար, որոնց արտադրութեան թուականէն երեք տարի անցած չէ: (Ինքնաշարժը ամբողջական կորուստ կը նկատուի, եթէ նորոգութեան ծախսը անցնի այդ օրուան ինքնաշարժի գինին 70 առ հարիւրը: Ամբողջական կորուստի պարագային, վնասուց հատուցումը կ՛ըլլայ՝ այդ օրուան ինքնաշարժի արժեգինով:)
5- ԱՅԼ
- Շարժանիւի Երրորդ Կողմի Պարտաւորութիւն + Ստիպողական
- Նարնջագոյն Քարթ
Ի՞նչ ընել պահանջք ներկայացնելու պարագային:
- Մասնագէտ մը կանչել անմիջապէս
- ԱՖՀԻԼ–ի միջնորդին տեղեկացնել
- Պահանջքի ֆայլ մը բանալու համար, պէտք ունիք յաճախորդին յայտարարագիրին, մասնագէտի վկայագիրին, եւ ի զօրու եղող քշելու արտօնագիրի պատճէնին: