ԱՖՀԻԼ Կ՛օժանդակէ Ուսանողներուն Եւ Աշակերտներուն

Այսօր երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներուն եւ աշակերտներուն տրամադրուած յատկացումներու տուչութիւն: Այս նախաձեռնութեամբ` իր տարաբնոյթ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան կողքին, ԱՖՀԻԼ-ը նաեւ տարիներէ ի վեր իր ներդրումը կ՛ունենայ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ` օժանդակելով նիւթական դժուարութիւն ունեցողներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն եւ զինուին վկայականներով: