ԱՖՀԻԼ-ի 15-ամեակ. Կրթանպաստի Բաշխում` 120 Ուսանողներու Եւ 80 Երկրորդականի Աշակերտներու

Երէկ` երկուշաբթի, 18 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան 15-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կրթանպաստներ բաժնուեցան 120 ուսանողներու եւ 11 վարժարաններէ երկրորդական կարգերու 80 աշակերտներու: Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարաններու տնօրէններ եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: