60 տարի միասին ապրած զոյգը պսակաձեւ ժահրով կը մահանան նոյն օրը

Իտալիոյ մէջ բնակող զոյգ մը, որ միասին ապրած են 60 տարի, պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, մահացած են նոյն օրը՝ 2 ժամուան տարբերութեամբ: 82-ամեայ Սեւերա Պելոթիին եւ 86-ամեայ Լուիճի Քարարային զաւակը «Daily Mail»-ին ըսած է, որ զոյգը կը բնակէր Ալպինօ քաղաքին մէջ (Պերկամօ հիւսիսային նահանգ): Մէկ շաբաթէն աւելի, անոնք բարձր տաքութիւն ունեցած են եւ երկար ժամանակ տունը…