Պատուաստը Բաւարար չէ Համավարակը Կանգնեցնելու Համար. Առողջապահութեամ Համաշխարհային Կազմակերպութեան ՏնօրԷն

Պատուաստը բաւարար չըլլար «քորոնա» ժահրային համավարակը կանգնեցնելու համար, յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Հեպրեյեսուս: Համավարակը կը շարունակէ սաստկանալ. աշխարհի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուած է արդէն աւելի քան 54 միլիոն մարդ եւ աւելի քան 1,3 միլիոն մարդ մահացած է, հաղորդած է Theinindependent.sg-ը: «Պատուաստը կ՛ամբողջացնէ գործիքները, սակայն չի փոխարիներ զայն: Ինքնին պատուաստը վերջ…

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Ներկայացնէ «Կրիփ»-ի եւ COVID-19-ի ախտանիշներու Տարբերութիւնները

Թէ՛ կրիփը, թէ՛ SARS-Cov-2 «քորոնա» ժահրը կը փոխանցուին օդակաթիլային ճամբով, ուրեմն բաւական դիւրին է ատոնց ախտանիշները շփոթել։ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ Թարիք Յազարեւիչ եւ Էնն Մոէն բացատրած են, թէ ո՞ր նշանները ցոյց կու տան COVID-19-ը։ «Քորոնա» ժահրային բորբոքումի յատուկ ախտանիշ կը նկատուի հոտառութեան եւ համի կորուստը, սակայն անհրաժեշտ է յիշել, որ նման խնդիր կը յառաջանայ…

Բժիշկները Կենդանի Ձուկ Կը Հանեն Մարդու Մը Շնչափողէն

Եգիպտական Պենի Սուեֆ քաղաքին մէջ, բժիշկները մարդու մը շնչափողէն կենդանի ձուկ հանած են, յայտնած է Daily Star հրատարակութիւնը: Հիւանդը ձկնորս մըն է, որ ընկերոջ հետ, այդ օր, լողալու ժամանակ ձուկ տեսած է: Մինչ ան կը բռնէ ձուկը, կը նկատէ ուրիշ մը եւ բերանով կը բռնէ առաջինը՝ փորձելով ոչ մէկը ձգել: Անսպասելիօրէն ձուկը կը մտնէ անոր…

Որքա՞ն ժամանակ «Քորոնա» Ժահրով Հիւանդը Վարակիչ Կը Մնայ

«Քորոնա» ժահրով վարակուած անձը կրնայ վարակիչ մնալ 10, իսկ որոշ պարագաներուն` հիւանդութեան առաջին ախտանիշներու ի յայտ գալէն ետք, 20 օրուան ընթացքին: Նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ բորբոքումի մասնագէտ Վլատիմիր Չուլանով, փոխանցած է «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ն: Ժահրի` շրջակայ միջավայր դուրս մղումի (օրկանիզմէն) տեւողութիւնը մեծապէս կախեալ է հիւանդութեան ընթացքի ծանրութենէն: Կարծիք կայ, որ հիւանդութեան մեղմ եւ միջին ընթացքով…

Ինչո՞ւ Մարդիկ Չեն Հետեւիր «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխող Միջոցառումներուն․ Հետազօտութիւն

Սենթ Էնտրուզի համալսարանէն հետազօտողներ որոշած են պարզել պատճառները, թէ ինչո՞ւ մարդիկ չեն հետեւիր «քորոնա» ժահրի տարածումը սահմանափակող միջոցառումներուն։ Մարդիկ ենթագիտակցօրէն կ՛ընդօրինակեն իրենց հասարակական/ընկերային խումբի անդամներուն վարքագիծը, հետեւաբար, եթէ անոնք խախտեն նախազգուշական միջոցառումները, ապա այդ մարդիկը չեն հետեւիր կանոններուն եւ սահմանափակումներուն, յայտնած է «The Daily Mail»-ը։ Հետազօտութեան հեղինակները ընկերային փորձ մը կատարած են, որու ծիրին մէջ,…

Հոտառութեան Կորուստը Ի՞նչ Հիւանդութիւններու Ցուցիչ Է

Հոտառութեան մասնակի կամ ամբողջական կորուստը՝ «անոսմիա»-ն, կրնայ ոչ միայն «քորոնա» ժահրային բորբոքումի ախտանիշ ըլլալ, այլեւ՝ շարք մը լուրջ հիւանդութիւններու, յայտնած է բժիշկ Ալիոնա Փարեցքայան (Ռուս)։ Մասնագէտը, զրոյցի ընթացքին, նշած է, որ հոտառութեան կորուստ ունեցող հիւանդներու մեծ մասը անմիջապէս կը մտածէ, որ «քորոնա» ժահրով վարակուած է։ Սակայն կան բազմաթիւ այլ խնդիրներ եւ հիւանդութիւններ, որոնք կրնան այդպիսի…

«Ասբիրին»-ը Կրնայ Օգտակար Ըլլալ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին. Հետազօտութիւն

«Քորոնա» ժահրի համավարակի սկիզբը, մասնագէտները չէին յանձնարարեր «ասբիրին» ստանալը, բայց վերջերս, Մերիլենտի համալսարանի (ԱՄՆ) գիտնականները պարզած են, որ «ասբիրին»-ը կրնայ օգտակար ըլլալ COVID-19-էն տառապող հիւանդներու ծիրին մէջ մահացութեան մակարդակի նուազումին եւ հիւանդութեան ծանր ախտանիշներու դէմ: Նոր հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Anesthesia and Analgesia ամսագիրին մէջ: Հետազօտութեան մասնակցած են տարբեր ծանրութեան COVID-19-ով 412 բուժուած հիւանդ: 314…

Հոտառութեան Կորուստը Կրնայ Կապուած Ըլլալ Մահուան Վտանգի հետ. Հետազօտութիւն

Հոտառութեան կորուստը կրնայ կապուած ըլլալ 65 տարեկանէն վեր մարդոց մահուան վտանգի հետ. այս ախտանիշը կրնայ վկայել նեարդային հիւսուածքի այլասերիչ փոփոխութիւններով բնութագրուող հիւանդութիւններու մասին: Այս մասին գրուած է JAMA Otolaryngology-Head & Neck Surgery գիտական ​​ամսագիրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ: Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ հոտառութեան խանգարումը կապուած է վատ սնուելու, անվտանգութեան նուազումի հետ (մարդիկ…

Կենդանիները Կրնան «Քորոնա» Ժահրի Առաւել «Ակրեսիւ» Տարբերակներու Աղբիւր Դառնալ. Մասնագէտ

«Քորոնա» ժահրի նոր, առաւել «ակրեսիւ» տարբերակներու աղբիւր կրնայ դառնալ անասունը՝ կը յայտնէ փրոֆեսոր, կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր Ալեքսէյ Ակրանովսքին: «Եթէ տեղ մը պէտք է սպասել ժահրի «ակրեսիւ» տարբերակներուն, ապա, այդ մէկը ամենայն հաւանականութեամբ, անասուններու «ռեզերվուար»-ները պիտի ըլլան…Մարդկային բնակչութեան մէջ այդ մէկը տեղի չունենար»,- ըսած է մասնագէտը: Մասնագէտին խօսքով՝ «ակրեսիւ» «միւթէյշըն»-ներու (օրկանիզմի ժառանգական յատկանիշներու յանկարծակի եւ կտրուկ…

Նոր Դեղ Մը, որ Կրնայ Արդիւնաւէտ Ըլլալ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

Հոնքոնկի համալսարանէն գիտնականներ նոր դեղ մը յայտնաբերած են, որ կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ «քորոնա» ժահրին դէմ: Անոնց հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nature Microbiology»-ին մէջ: Մասնագէտները յայտնաբերած են, որ RBC դեղը, որ կը կիրառուի խոցի դէմ, կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ SARS-CoV-2-ի դէմ: Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ այն աւելի քան 1000 անգամ կը նուազեցնէ «քորոնա» ժահրով վարակուած բջիջներուն…