Ապականած Օդը Մեծերու Առողջութեան Վրայ Կրնայ Բացասաբար Ազդել

Հոգեբուժութեան, հոգեբանութեան եւ նեարդաբանութեան հիմնարկի եւ Լոնտոնի Թագաւորական քոլէճի գիտնականները  հետազօտութիւն մը կատարելով բացայայտած են, որ կենսոլորտի ապականումը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ բացասաբար կ՛ազդէ մեծերու առողջութեան վրայ. անոնք իրենց աշխատանքը հրապարակած են Frontiers in Public Health ամսագրին մէջ: Քաղաքներու մէջ մարդիկ կ՛ենթարկուին մանր պինդ մասնիկներու բարձր ազդեցութեան. ատոնք կրնան ծանր, երկարատեւ հիւանդութիւններ յառաջացնել ոչ միայն ֆիզիքական,…

Մեռնող Քաղցկեղի Բջիջները Կը Ձգեն Գոյատեւման Հրահանգներ Ուռուցքներու Համար

Հաստ աղիքի մեռնող քաղցկեղային բջիջները կը յառաջացնեն ազդանշանային «մոլեքիւլ»ներու արտադրութիւն, որոնք կը բարձրացնեն մնացեալ ուռուցքային բջիջներու գոյատեւման կարելիութիւնները, բացայայտած են Մայնի Ֆրանքֆորթի Կէօթէի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature ամսագրին մէջ։ Կենսաբանները ուսումնասիրած են այն գործընթացները, որոնք տեղի կ՛ունենան, երբ «քիմօթերափի»ի դեղերը կը սպաննեն հաստ աղիքի քաղցկեղի բջիջները։ Բացայայտուած է, որ մեռնելով՝ ատոնք կ՛արձակեն ATP…

Չինաստանի Մէջ Չղջիկներու Մօտ 5 Վտանգաւոր Ժահր Կը Յայտնաբերուի

Չինաստանի մէջ Եունանի հիմնարկի հետազօտողները չղջիկներու մօտ յայտնաբեած են հինգ մտահոգիչ ժահրեր, որոնք կրնան տարածուիլ մարդոց վրայ: Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են bioRxiv-ին մէջ։ Բոլոր ժահրերը կրնան փոխակայուիլ մէկ տեսակէն միւսը: Որպէս կանոն, նման «փաթոճեն»ները վտանգ կը ներկայացնեն մարդու համար։ Ինչպէս կը նշեն հետազօտողները, ժահրերէն մեկը՝ BtSY2-ը, կը նմանի SARS-CoV-2-ին, ինչ որ կը բարձրացնէ անասունէն մարդուն…

Այերոպիք Վարժութիւնները Կը Նուազեցնեն Մեթասթաթիք Ուռուցքներու Վտանգը

Գիտնականներ պարզած են, որ «ինթենսիվ այերոպիք» վարժութիւնները կրնան նուազեցնել «մեթասթաթիք» քաղցկեղի յառաջացման վտանգը: Թել Աւիվի համալսարանի գիտնականներուն կատարած հետազօտութիւնը հրապարակուած է Cancer Research ամսագրին մէջ: Քաղցկեղի համաճարակաբանական ուսումնասիրութեան ժամանակ գիտնականները մօտաւորապէս 20 տարի հետեւած են 3000 մարդու: «Մեթասթաթիք» քաղցկեղի զարգացման վտանգը 72 առ հարիւրով ցած եղած է այն մարդոց մօտ, որոնք պարբերաբար բարձր «ինթենսիվութեամբ այերոպիք»…

Ակռաները Կրնան Ձեւաւորուիլ Աւելի Տկար՝ Խմելու Ջուրը Ֆլորիտէյթ Չըլլալու Պարագային

2007 թուականին, Ալասքայի մայրաքաղաք Ճունոյի բնակիչները քուէարկած են խմելու ջուրին մէջ «ֆլորին»ի յաւելումը դադրեցնելու օգտին՝  վախնալով հասնելիք վնասէն: Էնքըրէյճի համալսարանի գիտնականները հետեւած են, թէ այդ ինչպիսի հետեւանքներու կը յանգեցնէ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMC Oral Health-ին մէջ: Առաջին խումբը բաղկացած էր 853 հիւանդներէ, որոնք 2003 թուականին «քարիես»ի բուժում ստացած էին։ Անոնք կը գտնուէին «բարենպաստ պայմաններու…

Իսկական Քիթ՝ Աճեցուած Ֆրանսուհի Կնոջ Մը Ձեռքին Վրայ

Կինը, որ քաղցկեղի դէմ պայքարէն ետք զրկուած էր քիթէն, նոր քիթ ունի, որ աճեցուած է անոր ձեռքին վրայ, տեղեկացուցած է Daily Mail-ը։ Ֆրանսայի բնակիչը, որուն անունը չի նշուիր, քիթի խոռոչի քաղցկեղ ուներ։ 2013-ին, ան «քիմոթերափի» եւ ճառագայթային թերափի եղած էր։ Հիւծիչ բուժման հետեւանքով ֆրանսուհին զրկուած էր իր դէմքի զգալի մասէն, այդ շարքին քիթէն։ Օրկանը հեռացնելէն…

Հորմոն Մը, Որ Կարեւոր Դեր Ունի Որոշ Հիւանդութիւններու Կանուխ Ախտորոշման Գործին Մէջ

Ինսուլինանման «INSL3 փեփթիտ»ային հորմոնը, որ տղամարդոց մօտ կը յառաջանայ սեռահասունացման շրջանին, կարեւոր դեր կը խաղայ աւելի հասուն տարիքին որոշ հիւանդութիւններու յառաջացման կանուխ ախտորոշման գործին մէջ։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Նոթինկհամի համալսարանի գիտնականները, որոնց յօդուածը հրապարակուած է Frontiers in Endocrinology ամսագրին մէջ։ INSL3 հորմոնը կ՛արտադրուի ամորձիներու այն նոյն բջիջներուն մէջ, որոնք կ՛արտադրեն «թեսթոսթերոն»։ Բայց «թեսթոսթերոն»ի մակարդակը…

Քորոնա Ժահրը Փոփոխութեան Կ՛ենթարկէ Աղիքներու «Մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքը

Քորոնաժահրով վարակուիլը կը յանգեցնէ բացասական փոփոխութիւններու աղիքներու «մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքին եւ տեսակային բազմազանութեան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ այլ վարակներու, այդ շարքին, «սեփսիս»ի հանդէպ խոցելիութեան բարձրացման։ Ամերիկացի բժիշկներու յօդուածը այս մասին հրապարակուած է Nature Communications ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է Նիւ Եորքի համալսարանի (NYU) մամուլի ծառայութիւնը։ «Մեր փորձերուն արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ քորոնաժահրը ուղիղ ձեւով…

Համակարգչային Խաղերը Կը Նպաստեն Փոքրիկներու Յիշողութեան Բարելաւման

Փոքրիկներու վրայ համակարգչային խաղերու ազդեցութեան վերաբերեալ վէճերը կը շարունակուին երկար տարիներ։ Շատ ծնողներ եւ ուսուցիչներ կ՛անհանգստանան, որ փոքրիկները համակարգիչներու առջեւ չափէն աւելի ժամանակ կ՛անցընեն, իսկ որոշ բժիշկներ եւ հոգեբաններ կը հաւաստիացնեն, որ տեսախաղերը կը վնասեն անոնց զարգացման։ Շատ մասնագէտներ համաձայն չեն այս կարծիքին, ատոր համար գիտնականները կը փորձեն պարզել իրավիճակը փորձերու օգնութեամբ։ JAMA Network-ին մէջ…

Յաջողութեամբ Կը Փորձարկուի Մաշկի Քաղցկեղի Դէմ Նոր Դեղը

Պրազիլի մէջ վերջ գտած է «նիվոլումապ»ի՝ մաշկի տարածուած քաղցկեղի բուժման համար դեղի փորձարկումներու երկրորդ փուլը, յայտնած է Medical Xpress-ը։ Դեղի ազդեցութեան մեքանիզմը հիմնուած է մարդու սեփական դիմադրողական համակարգի բջիջներու աշխուժացման բարձրացման վրայ: «Նիվոլումապ»ը «սինթեթիք» հակամարմին մըն է, որ կ՛արգելափակէ  «իմիւնային» բջիջներու աշխատանքը «արգելակող» PD-1 ընկալիչի աշխատանքը։ Արդիւնք՝ օրկանիզմը կը սկսի աւելի արդիւնավէտ ձեւով ոչնչացնել «մեթաստազ»ները…