Քիմիական բուժումի կողմնակի ազդեցութիւններու դէմ բնական պաշտպանիչ միջոց կը յայտնաբերուի

Ուրալի դաշնային համալսարանի հետազօտողները բացայայտած են, որ կեչի սունկի քաղուածքը կրնայ պաշտպանել առողջ բջիջները DNA-ի վնասումէն՝ հակաքաղցկեղային դեղերու վտանգաւոր կողմնակի ազդեցութիւններէն մէկը, երբ անիկա կը կիրառուի քաղցկեղային հիւանդութիւններու բուժման ընթացքին։ Այս բացայայտումը կրնայ հիմք հանդիսանալ նոր դեղերու ստեղծման համար՝ բարձրացնելով քիմիական բուժումի արդիւնաւէտութիւնը, նուազեցնելով անոր կողմնակի ազդեցութիւնները եւ երկրորդական ուռուցքներու յառաջացման վտանգը։ Ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած…

Ոչ հատապտուղներ, ոչ ալ սերմեր. գիտնականները նոր գերսնունդ մը կը բացայայտեն

Նոր ուսումնասիրութիւնը, որ հրապարակուած է Advances in Bamboo Science ամսագրին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով հաւաքագրած եւ վերլուծած է «պամպու»-ի սպառման եւ առողջութեան վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան բոլոր տուեալները: Անկլիա Ռասքինի համալսարանի գիտնականներուն կողմէ կատարուած ակնարկը ցոյց տուած է, որ արագ աճող այս բոյսը ունի անսպասելիօրէն լայն օգտակար յատկութիւններ, շնորհիւ իր սննդային արժէքին եւ աշխոյժ միացութիւններուն։…

H3N2․ ախտանշաններ, փոխանցում, ախտորոշում եւ կանխարգիլում

H3N2 ժահրը, որ «կրիփ»-ի A ենթատեսակ մըն է, համաշխարհային ուշադրութեան արժանացաւ իր արագ տարածման եւ առողջութեան վրայ ունեցած նշանակալի ազդեցութեան պատճառով: Այս ժահրը պատասխանատու է եղանակային «կրիփ»-ի բռնկումներու եւ յայտնի է իր բարձր փոխանցման մակարդակով ու ծանր ախտանշաններով, յատկապէս՝ խոցելի խումբերու մօտ: Ի՞նչ է H3N2-ը H3N2 ժահրը «կրիփ»-ի A շտամ է, որ շնչառական հիւանդութիւն կը…

Ոչ ջերմուժ, ոչ մարզանք. կը յայտնաբերուի կշիռքի կորուստը խթանող անսպասելի գործօն մը

Աւստրալիոյ Համադաշնային գիտական եւ արդիւնաբերական հետազօտութիւններու կազմակերպութիւն՝ Commonwealth Scientific and Industrial Research Organization-ի (CSIRO) կողմէ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, թէ սննդականոնի ծրագիրներ օգտագործող մարդիկ աւելի կշիռք կը կորսնցնեն, կը հաղորդէ Medical Xpress-ը։ CSIRO Total Wellbeing Diet ծրագրին մասնակցող մօտաւորապէս 78,000 անձերու մասնակցութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը յայտնաբերած է արդիւնքներու զգալի տարբերութիւններ՝ կախեալ ըլլալով այն…

Ինչպէ՞ս պահպանել առողջութիւնը տօնական օրերու ընթացքին. հինգ կարեւոր յանձնարարութիւն

Տօնական շրջանի սկիզբը, Եւրոպայի զանազան երկիրներու առողջապահական ծառայութիւնները կը կատարեն թելադրութիւններ՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է առողջութիւնը պահպանել տօներու ընթացքին։ Euronews-ը համախմբած է այդ յանձնարարութիւններէն հինգ ամենակարեւորները։ Խուսափեցէ՛ք դեղերը ալքոլի եւ որոշ սննդատեսակներու հետ խառնելէն։ Ալքոլը կրնայ վտանգաւոր կերպով փոխազդել դեղերուն հետ՝ զգուշացուցած է MHRA-ն, բարձրացնելով գլխապտոյտի, քնկոտութեան եւ դժբախտ պատահարներու վտանգը։ Յատկապէս զգօ՛ն եղէք, եթէ…

PLOS ONE-ի ուսումնասիրութիւն․ արեւու լոյսը կը նուազեցնէ ընկճախտի վտանգը տղամարդոց մօտ

Տղամարդիկ, որոնք կը նախընտրեն արեւու լոյսը եւ աւելի շատ ժամանակ կ՛անցընեն տունէն դուրս, աւելի քիչ հաւանական է, որ ունենան ընկճախտի ախտանշաններ եւ քունի խնդիրներ: Այս եզրակացութեան յանգած են ամերիկացի հետազօտողները՝ վերլուծելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 2009–2020 թուականներու Ազգային առողջութեան եւ սնունդի հետազօտութեան տուեալները: Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է PLOS ONE ամսագրին մէջ: Ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները օգտագործած են նոր…

Եւրոպայի մէջ իւրաքանչիւր 11-րդ մահ կապուած է ալքոլի օգտագործման հետ՝ կը յայտնէ ԱՀԿ

Տօնական օրերու հանդիսութիւնները յաճախ կը յանգեցնեն ալքոլի օգտագործման աճին, ինչ որ կը բարձրացնէ վնասուածքներու վտանգը, այդ շարքին՝ ճանապարհային փոխադրամիջոցի պատահարներու, իյնալու, այրուածքներու, թունաւորումներու եւ մարդոց միջեւ բռնութեան։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպական տարածաշրջանի նոր՝ «Ալքոլի հետ կապուած վնասուածքները ԱՀԿ Եւրոպական տարածաշրջանին մէջ. հիմնական արդիւնքներու ամփոփում 2019 թուականի տուեալներու հիման վրայ» փաստագրական թերթիկին համաձայն, տարածաշրջանին մէջ վնասուածքներէն…

Քիթի փորփրումը՝ մտագարութեան նոր վտանգի գործօ՞ն

Կրիֆիթ համալսարանի «նիւրոկենսաբան» Ճէյմս Սէյնթ Ճոնի ղեկավարած գիտնականներու խումբը յայտնաբերած է հնարաւոր կապ քիթի լորձաթաղանթի վնասման եւ Ալզհայմըրի հիւանդութեան նմանող «նիւրոտիճենըրաթիւ» գործընթացներու զարգացման բարձր վտանգի միջեւ։ Արդիւնքները հրապարակուած են Scientific Reports գիտական ամսագրին մէջ։ Հետազօտողները ուսումնասիրած են «Chlamydia pneumoniae» մանրէն, որ մարդոց մօտ թոքաբորբոքումի յայտնի յարուցիչ է։ Նախորդ ուսումնասիրութիւնները զայն յայտնաբերած էին ուշ փուլի մէջ…

Գիտնականները կը ստեղծեն ցօղունային բջիջներու տուեալներու համաշխարհային «քաթալոկ»՝ ապագայ բուժման մեթոտներու համար

Հետազօտողները ներկայացուցած են մարդու բազմակի ցօղունային բջիջագիծերու առաջին համաշխարհային «քաթալոկ»-ը, որ պիտանի է քլինիքական կիրառման համար, ինչ որ կրնայ արագացնել այդ բջիջներուն հիման վրայ բուժման նոր մեթոտներու մշակումը: «Քաթալոկ»-ի մասին յօդուածը հրապարակուած է Stem Cell Reports ամսագրին մէջ: Այս բջիջները ընդունակ են վերածուելու օրկանիզմի որեւէ տիպի բջիջներու, ինչ որ զանոնք յատկապէս արժէքաւոր կը դարձնէ վերականգնողական…

Քաքաոն արեան անօթները կը պաշտպանէ երկարատեւ նստակեացութեան հետեւանքներէն

Journal of Physiology ամսագրին մէջ հրապարակուած վերջին ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ քանի մը ժամ անընդմէջ նստիլը կը խանգարէ արեան անօթներու աշխատանքը, սակայն այս ազդեցութիւնը կրնայ զգալիօրէն նուազիլ «քաքաոյի ֆլաւանոլ»-ներով հարուստ սնունդ օգտագործելով: Ժամանակակից հասարակութեան մէջ ընդհանրացած նստակեաց ապրելաձեւը կապուած է սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ այլ քրոնիկ հիւանդութիւններու վտանգի բարձրացման հետ, որովհետեւ երկարատեւ ֆիզիքական անշարժութիւնը բացասաբար…