Գիտնականները կը ստեղծեն ցօղունային բջիջներու տուեալներու համաշխարհային «քաթալոկ»՝ ապագայ բուժման մեթոտներու համար
Հետազօտողները ներկայացուցած են մարդու բազմակի ցօղունային բջիջագիծերու առաջին համաշխարհային «քաթալոկ»-ը, որ պիտանի է քլինիքական կիրառման համար, ինչ որ կրնայ արագացնել այդ բջիջներուն հիման վրայ բուժման նոր մեթոտներու մշակումը: «Քաթալոկ»-ի մասին յօդուածը հրապարակուած է Stem Cell Reports ամսագրին մէջ: Այս բջիջները ընդունակ են վերածուելու օրկանիզմի որեւէ տիպի բջիջներու, ինչ որ զանոնք յատկապէս արժէքաւոր կը դարձնէ վերականգնողական…


