Գիտնականները կը յայտնաբերեն Փարքինսոնի հիւանդութիւնը մազերու միջոցով ախտորոշելու նոր մեթոտ

Չինացի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մազերը կրնան Փարքինսոն-ի հիւանդութեան (Parkinson’s disease) նշաններ ընդգրկել։ Անոնք վերլուծած են ​​60 ախտորոշուած հիւանդներէ առնուած մազի նմուշներ եւ բաղդատած՝ նոյն տարիքի առողջ մարդոց մազերուն հետ։ Արդիւնքները հրապարակուած են iScience գիտական ամսագրին մէջ։ Փարքինսոն-ի հիւանդութենէն տառապող հիւանդներու մազերուն մէջ յայտնաբերուած է երկաթի եւ պղինձի ցած մակարդակ, ինչպէս նաեւ «մանկանիզ»-ի (manganese) եւ…

Խուրմայի բջիջանիւթը կը նպաստէ աղիքային առողջութեան՝ բազմաթիւ մեքանիզմներու միջոցով

Ապերտինի համալսարանի հետազօտողներու համաձայն՝ Rojo Brillante խուրմայի տեսակի քայքայման արտադրութիւնները կրնան բարելաւել աղիքային պատնէշի ամբողջականութիւնը եւ նուազեցնել բորբոքումը՝ խթանելով օգտակար մանրէներու զարգացումը։ Արդիւնքները հրապարակուած են Food & Function (F&F) գիտական ամսագրին մէջ։ Գիտնականները վերլուծած են մշակուած խուրմայէ ստացուած լուծելի եւ անլուծելի բջիջանիւթի բաղադրամասերը եւ կատարած են փորձարարական խմորման փորձեր՝ առողջ կամաւորներու աղիքային «միքրոֆլորա»-ի միջոցով։ Արդիւնքները…

2026-ին առողջութեան բարելաւման 5 դիւրին միջոց՝ գիտական հիմքերով

Շատ մարդիկ կը փնտռեն պարզ, գործնական եւ գիտական ապացոյցներով հիմնաւորուած միջոցներ՝ իրենց առողջութիւնը բարելաւելու համար։ Նոյնիսկ փոքր, բայց հետեւողական փոփոխութիւնները կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ առողջութեան վրայ։ Ահաւասիկ գիտութեան կողմէ հաստատուած հինգ քայլ, որոնք կարելի է կատարել 2026-ին՝ ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ զգացական գետնի վրայ ձեր բարեկեցութիւնը բարելաւելու համար։ 1. Աւելի ջուր խմեցէ՛ք Օրկանիզմը բաւարար ջուրով ապահովելը…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն ոսկորները օսթէոփորոզէն պաշտպանող մեքանիզմ

Գիտնականները բացայայտած են մոլեքիւլային մեքանիզմ մը, որու միջոցով ֆիզիքական աշխուժութիւնը կ՛ամրապնդէ ոսկորները։ Միջազգային հետազօտական խումբը, որ կը ղեկավարուէր Հոնկ Քոնկի համալսարանի մասնագէտներու կողմէ յայտնաբերած է, որ Piezo1 սպիտակուցը կարեւոր դեր կը խաղայ այս գործընթացին մէջ։ Անոնց ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են Signal Transduction and Targeted Therapy (STTT) ամսագրին մէջ։ Piezo1-ը ոսկորներուն մէջ կը գործէ որպէս «շարժման…

Ամէն ամէնը, որ պէտք է իմանալ մահացու Նիպահ ժահրի մասին

Հնդկաստանի Քալքաթա քաղաքի մօտակայքը մահացու «նիպահ» ժահրի բռնկում պատահած է, որուն դէմ պատուաստ չկայ։ Արձանագրուած է հինգ պարագայ։ Ներկայ բռնկումը նշանակալի է, որովհետեւ Արեւմտեան Պենկալի մէջ 2007-էն ի վեր առաջին հաստատուած դէպքն է։ Երկարատեւ բացակայութենէ ետք ժահրին վերադարձը տարածաշրջան հանրային առողջապահական հսկողութեան տեսանկիւնէն մտահոգութիւններ յառաջացուցած է։ Հնդկաստանի եւ Արեւմտեան Պենկալի իշխանութիւնները յայտարարած են արագ եւ…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն շաքարախտի զարգացման նոր գործօնը

Մարդու օրկանիզին մէջ «քրոմ միքրոտարր»-ի պակասը կրնայ յանգեցնել երկրորդ տիպի շաքարախտի զարգացման, յայտնած են Հարաւային Ուրալի պետական համալսարանի մասնագէտները՝ համագործակցելով միջազգային գիտական խումբին հետ: Այս բացայայտումը կ՛արտօնէ ափի մորթի արագ «սքրինինկ»-ի միջոցով բացայայտել վտանգի խումբին մէջ գտնուող հիւանդները: Արդիւնքները ներկայացուած են SHIFAA ամսագրին մէջ: Երկրորդ տիպի շաքարախտը հիւանդութիւն մըն է, որու պարագային օրկանիզմը չի կրնար…

Առանց բարձի քնանալը կրնայ դանդաղեցնել «կլոքոմա»-ի զարգացումը

Քնանալէն առաջ պարզ քայլ մը կրնայ օգնել դանդաղեցնելու «կլոքոմա»-ի յառաջացումը՝ British Journal of Ophthalmology ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան համաձայն: Գիտնականները բացայայտած են, որ առանց բարձի քնանալը կը նպաստէ ակնային ճնշման նուազեցման, որ տեսողական նեարդի վնասման եւ անդառնալի տեսողութեան կորուստի վտանգի հիմնական գործօն է: Հետազօտութեան մասնակցած է «կլոքոմա»-ով տառապող 144 անձ: Մասնակիցներէն պահանջուած է քնանալ…

Երկօրեայ վարսակի սննդականոնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ «վատ» քոլեսթերոլի մակարդակը

Պոննի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ վարսակի շիլայով (oatmeal) կարճաժամկէտ սննդականոնը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել «վատ քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Communications (NatCom) ամսագրին մէջ: Հետազօտութեան մասնակցած է 68 անձ: Կամաւորներէն ոմանք երկու օր շարունակ գրեթէ բացառապէս կերած են ջուրի մէջ եփած վարսակի շիլայ՝ փոքր քանակութեամբ պտուղներով կամ բանջարեղէնով: Անոնք օրական կերած են մօտաւորապէս…

Ցրտախտը չ՛սկսիր կոկորդէն. գիտնականները կը պարզեն, թէ ո՛ւր տեղի կ՛ունենայ ժահրին առաջին «ճակատամարտը»

Մարդու շնչառական համակարգը ունի իր պաշտպանական միջոցները, որոնք կ՛օգնեն մարմնին պայքարելու ժահրերու դէմ, որոնք կը յառաջացնեն ցրտախտ։ Նոր հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Cell Press Blue ամսագրին մէջ, ցոյց կու տայ, որ քթանցքները աւելի աշխոյժ դեր կը խաղան մարմնի պաշտպանութեան առաջնային գիծին վրայ, քան նախապէս կը կարծէին։ Գիտնականները բացայայտած են, որ քթածածկոյթը ոչ միայն զտիչ մըն…

Գիտնականները կը պարզեն, թէ ինչպէս կարելի է շատ ուտել առանց կշիռքը աւելցնելու

Մեծն Բրիտանիոյ Պրիսթոլի համալսարանի գիտնականներու եւ ամերիկացի սննդաբաններու իրագործած նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամբողջական, նուազագոյն մշակումի ենթարկուած ուտելիքներէ բաղկացած սննդականոնի լիարժէք հետեւիլը կրնայ յանգեցնել անոր, որ մարդ կշիռքով զգալիօրէն շատ աւելի սնունդ ստանայ, սակայն սպառէ նկատելիօրէն աւելի քիչ քալորի, քան գերմշակուած մթերքներու (UPF) վրայ հիմնուած սննդականոնի հետեւիլը։ Ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են The American…