«Քորոնա» Ժահրը Կրնայ Անպարտելի Ըլլալ
Մինեզոթայի համալսարանի գիտնականները յայտնած են, որ SARS-CoV-2 «քորոնա» ժահրը թերեւս երբեք կարելի չըլլայ ամբողջովին յաղթահարել: Միայն պատուաստը կրնայ սահմանափակել ժահրի տարածումը, որ ժամանակի ընթացքին, ամենայն հաւանականութեամբ, կը յարմարի մարդու օրկանիզմին եւ կը կրկնուի այնպէս, ինչպէս այդ մէկը կ՛ըլլայ հարբուխի ժահրերու պարագային։ Բորբոքումի հիւանդութիւններու հետազօտման կեդրոնի տնօրէն Մայքլ Օսթերհոլմ կը կարծէ, որ «քորոնա» ժահրը կ՛ապրի մարդկութեան…










