Բուռն մարզանքները կը խթանեն կուշտ զգալու մոլեքիւլներու յառաջացումը
Սթենֆըրտի բժշկական համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ զօրաւոր եւ կեդրոնացած ֆիզիքական վարժութիւններէն ետք, մարդու օրկանիզմին մէջ կը յառաջանան կուշտ ըլլալու յատուկ «մոլեքիւլ»ներ։ Այդ նիւթերը կը յառաջանան շաքարախտի դէմ օգտագորուող «մեթֆորմին» հանրայայտ դեղի ստացման պարագային։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nature Metabolism» ամսագրին մէջ։ Շաքարախտ ունեցող մարդոց (որոնք ստացած են «մեթֆորմին» արեան մէջ շաքարի մակարդակը վերահսկելու համար)…










