COVID-19-ը կը բարձրացնէ հոգեկան խանգարումներու հաւանականութիւնը
Գիտնականները բացայայտած են COVID-19-ի նոր վտանգը հոգեկան առողջութեան վրայ։ Այս մասին տեղեկացուած է «Nature Human Behavior» ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։ Մասնագէտները ուսումնասիրած են Բրիտանիոյ «պայոպանք»ի մասնակիցներու տուեալները, որ երկար հետազօտութիւն է, ուր ուսումնասիրուած է «ճենեթիք» նախատրամադրուածութեան եւ միջավայրի ազդեցութեան համապատասխան աւանդը հիւանդութիւններու յառաջացման վրայ։ Խումբերը բաժնուած են երեքի՝ SARS-CoV-2-ով վարակուածներ (26, 101 անհատ), ներկայիս վարակ…