Գիտնականները բացայայտած են COVID-19-ի նոր վտանգը հոգեկան առողջութեան վրայ։ Այս մասին տեղեկացուած է «Nature Human Behavior» ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։
Մասնագէտները ուսումնասիրած են Բրիտանիոյ «պայոպանք»ի մասնակիցներու տուեալները, որ երկար հետազօտութիւն է, ուր ուսումնասիրուած է «ճենեթիք» նախատրամադրուածութեան եւ միջավայրի ազդեցութեան համապատասխան աւանդը հիւանդութիւններու յառաջացման վրայ։ Խումբերը բաժնուած են երեքի՝ SARS-CoV-2-ով վարակուածներ (26, 101 անհատ), ներկայիս վարակ չունեցող մարդիկ (380, 337) եւ վերահսկիչ խումբ (390, 621)։
Բացայայտուած է, որ վարակուած մասնակիցներու մօտ աւելի բարձր եղած է հոգեկան առողջութեան, տրամադրութեան խանգարման, տագնապայնութեան, ալքոլի օգտագործման եւ քունի խանգարման հետ կապուած խնդիրներու հետագայ յառաջացման հաւանականութիւնը։ Այդ վտանգը աւելի բարձր եղած է այն անձերուն մօտ, որոնք հիւանդանոցի մէջ բուժում ստացած են COVID-19-ի պատճառով։
Սակայն վտանգները նուազած են ամբողջապէս պատուաստուած անձերու պարագային, ինչ որ կ՛անդրադառնայ պատուաստումի պաշտպանական ազդեցութեան՝ նոր հոգեկան խանգարումներու յառաջացման եւ գոյութիւն ունեցողներու խորացման վրայ։