Շատ մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այն փաստին, որ ալքոլի օգտագործումը կիներու շրջանակին մէջ «օնքոլոճի»ի առաւել եւս տարածուած տեսակի՝ կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգի հիմնական գործօնն է. այս մասին նշուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական պիւռոյի յայտարարութեան մէջ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ լաւ տեղեկացուած չըլլալը այս հարցին մէջ լուրջ խոչընդոտ է այս հիւանդութեան կանխարգիլման համար։
Վերջերս կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքները ցոյց կու տան, որ կիներու 21 եւ տղամարդոց 10 առ հարիւրն է, որ եւրոպական երկիրներու մէջ տեղեկացած է ալքոլի օգտագործման եւ կաթնագեղձի քաղցկեղի յառաջացման միջեւ կապի մասին։
Կազմակերպութեան մէջ նշած են, որ այս հիւանդութեան պարագային ալքոլը կ՛ազդէ «էսթրոճեն»ներու մակարդակին վրայ, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան կաթնագեղձի քաղցկեղի շատ տեսակներու յառաջացման գործին մէջ։ Ալքոլի ազդեցութիւնը «հորմոն»ներու մակարդակի վրայ մասամբ կը բացատրէ բարձր վտանգը։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ եւրոպացի կիներու համար կաթնագեղձի քաղցկեղը՝ պայմանաւորուած ալքոլի օգտագործումով, կը կազմէ բոլոր պարագաներու 66 առ հարիւրը։ Միայն 2022 թուականին, եւրոպական տարածաշրջանին մէջ արձանագրուած է այս հիւանդութեան աւելի քան 600 հազար պարագայ։