Երկաթը եւ «մանկանիզ»ը կը նուազեցնեն «տեմենշիա»ի վտանգը
Մատրիտի Քոմփլիւթընս համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ երկաթի եւ «մանկանիզ»ի սննդականոնի բարձրացումը կը կանխէ կիներու ճանաչողական անկումը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nutrients» ամսագրին մէջ: «Տեմենշիա»ն յառաջադէմ «նիւրօտիճենըրէթիվ» հիւանդութիւն է, որ կը բնութագրուի ճանաչողական գործունէութիւններու լուրջ խանգարումներով, ինչպէս՝ ուշադրութիւնը եւ յիշողութիւնը: Թէեւ գիտնականները տակաւին չեն գտած «տեմենշիա»ի յատուկ դեղ մը, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ որոշ…