Ուտելիքներ՝ Պայքարելու Աշնանային «Սթրես»ին Դէմ
Աշնանային եւ ձմեռնային ժամանակամիջոցին, եղանակին հայթայթուած բանջարեղէնը շատ կարեւոր է առողջութեան պահպանման համար: Աւելին` այդ բանջարեղէններէն քանի մը հատը կրնան օգնել պայքարելու «սթրես»ի դէմ, յայտնած է սննդաբան Եվկենի Արզամասցեւ։ Մասնագէտը նման ուտելիքներու առաջին շարքին նշած է ճակնդեղը: «Ճակնդեղին մէջ B խումբի վիթամիններու լայն տեսականի կայ, ատոնք մեզի համար անհրաժեշտ են նեարդային համակարգին համար: Այլ եղանակի…










