COVID-19-ով Վարակուած Անչափահասները Աւելի Հիւանդանոցային Կարիք Կ՛ունենան. Հետազօտութիւն

Քորոնա ժահրը փոքրիկներու եւ անչափահասներու համար աւելի վտանգաւոր է, քան նախապէս կ՛ենթադրուէր, ինչպէս ցոյց կու տան վերջին ուսումնասիրութիւնները: Քորոնա ժահրի եւ «կրիփ»-ի հետ կապուած անչափահասներու հիւանդանոցային բուժումի անհրաժեշտութիւնը բաղդատելու համար, CDC մասնագէտները օգտագործած են 13 նահանգներու մէջ FluSurv-NET համաճարակային հսկողութեան համակարգի տուեալները: Անոնք տեղեկութիւն հաւաքած են COVID-19 ունեցող 12-17 տարեկան փոքրիկներու հիւանդանոցային բուժումի վերաբերեալ եւ…

Որո՞նց Համար Վնասակար Է Ծիրան Ուտելը

Որոշ մարդոց համար փափաքելի չէ ծիրան ուտելը, իսկ ուրիշներու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ատոր քանակը, յայտնած է «էնտոքրինոլոկ», սննդաբան Թաթիանա Պոչարովա: «Կարելի չէ ծիրան ուտել անօթի փորին. այդ կրնայ յանգեցնել մարսողական խնդիրներու, մանաւանդ երբ ախտորոշուած են «կասթրիթ» (ստամոքսը պատող լորձաթաղանթի բորբոքում), խոց, բորբոքած աղիքներու ախտանշան, ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքում։ Եթէ վերը նշուած հիւանդութիւններու բարդացում կայ, աւելի…

Ի՞նչ Կարելի Չէ Ընել Արեւու Այրուածքի Պարագային

Ամրան արեւու այրուածք ունենալու վտանգը քանի մը անգամ աւելի կ՛ըլլայ: Արեւու այրուածքը կարելի է նշմարել այն ախտանիշներով, որ յայտնի են մարդոց մեծամասնութեան՝ թեթեւ այրուածքի պարագային, այդ մորթի կարմրութիւն է, իսկ երբեմն ալ յոգնածութեան եւ գլխապտոյտի զգացում: Աւելի զօրաւոր (2-րդ աստիճանի) այրուածքի պարագային, կրնան բշտիկներ յառաջանալ: Ընդհանրապէս, արեւու թեթեւ այրուածքը, որու պարագային զօրաւոր գրգռուածութիւն եւ բշտիկներ…

Սնունդ Ստանալ` Չհրաժարելով Սիրած Ուտելիքներէն

Ինչպէ՞ս ճիշդ սնանիլ` չհրաժարելով սիրած կերակուրներէն եւ չի չարչարուիլ «քալորի»-ներ հաշուելով: Այս մասին յայտնած է բրիտանացի սննդաբան Քերի Մեյճըր: Մասնագէտին խօսքով, սնունդը կարելի է բաժնել հինգ հիմնական խումբի. բարդ ածխաջուրեր, սպիտակուցներ, պտուղներ եւ բանջարեղէն, կաթնամթերք, ճարպեր եւ իւղ: Ձեր սնունդը բարելաւելու համար բաւարար է ամէն օր ուտել նշեալ հինգ խումբի ուտելիքները` այնքան, որքան կը պահանջուի:…

Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամները Վտանգաւոր՝ Փոքրիկներու Համար. Հետազօտութիւն

Քորոնա ժահրի նոր շտամները վտանգաւոր են ոչ միայն մեծերու, այլ նաեւ՝ փոքրիկներու համար։ Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հետազօտողները SARS-CoV-2-ով վարակման աւելի քան 2000 պարագայի «ճենոմային անալիզ» կատարած են մանկաբուժական հիւանդներու ծիրին մէջ՝ պարզելու համար, թէ որքանո՞վ փոքրիկները ընկալելու ունակ են «փաթոճեն»-ի նոր տարբերակի հանդէպ։ Հետազօտութեան արդիւնքները տակաւին փորձագիտական գնահատում չեն ստացած եւ հրապարակուած են նախնական…

Ո՞ր Ուտելիքները Կրնան Վնասել Աղիքները

Ածխաջուրերու եւ ճարպերու օգտագործումը կրնան լրջօրէն վնասել աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի դիմադրողական համակարգը, եւ փոփոխութիւնները կրնան անդառնալի բնոյթ կրել: Այս մասին յայտնած են Սենթ Լուիսի Ուաշինկթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի եւ Քլիվլենտի դարմանատան գիտնականները: «Cell Host & Microbe» ամսագիրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մեծ քանակութեամբ շաքարի եւ ճարպի օգտագործումը, ինչ որ առանձնայատուկ է արեւմտեան ապրելակերպին, կ՛ախտահարէ «Փանեթ» բջիջները՝…

«Չիփս»-երու Կանոնաւոր Օգտագործումը Կը Վնասէ Առողջութեան

Մարդիկ հակում ունին գիրնալու գետնախնձորի «չիփս»-երու կանոնաւոր օգտագործումի պարագային, ըսած է սննդաբան Լորէն Մանակեր: «Eat This, Not That!»-ի համաձայն, գետնախնձորի «չիփս»-երը կրնան շատ բարձր ջերմուժ ունենալ՝ յաճախ կամ մեծ քանակով ուտելու պարագային: Մէկ բաժինը կ՛ենթադրէ 18 «չիփս», որ կը համապատասխանէ 28 կրամի, սակայն շատեր չեն սահմանափակուիր ատով, աւելին՝ զայն կը թաթխեն «սոս»-երու մէջ, որ յաճախ…

Ինչպիսի՞ Սնունդ Կ՛օգնէ Կանխելու Մազաթափութիւնը

Մազաթափութեան հիմնական պատճառները ընդհանրապէս ցած սպիտակուցային եւ ցած ջերմուժային սննդականոններն են, վատառողջ սնունդը, շատ արագ կշիռքի կորուստը եւ օրկանիզմին մէջ զինքի, երկաթի ու վիթամին B12-ի պակասը, յայտնած է սննդագէտ Քինիթա Քատաքիա Փաթել: Մազաթափութենէն խուսափելու համար, մասնագէտը կը յանձնարարէ նախ կանոնաւորել սպիտակուցներու ստացումը, որովհետեւ մազերը հիմնականին մէջ բաղկացած են «քերաթին»-էն, որու «սինթեզ»-ին համար անհրաժեշտ է «պայոթին»…

Moderna-ն Կը Ճանչցուի Իբրեւ Լաւագոյն Պատուաստ

Moderna-ն քորոնա ժահրի դէմ լաւագոյն պատուաստ ճանչնալը աշխարհաքաղաքական դրդապատճառ ունեցող քայլ է, յայտնած է առաջնակարգ ժահրաբաններէն եւ Պելճիքայի մէջ COVID-19-ի ոլորտի փորձագէտներէն մէկը նկատուող Մարք Վան Ռանսթ: Անոր խօսքով՝ ռուսական «Սփութնիք V»-ը ոչինչով կը զիջի պատուաստներու համաժողովին յաղթած իր մրցակիցին։ Մասնագէտը նշած է, որ ինքը մեծ նշանակութիւն չէր տար այս մրցանակին, որովհետեւ այս պարագային հաշուի…

Ուտելիքներ՝ 40-Տարեկանէն Վեր Կիներու Համար

Քառասուն տարեկան հասակին, մարդու օրկանիզմին մէջ որոշ մարմնային գործընթացներ կը սկսին փոխուիլ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել կշիռքի անսպասելի փոփոխութեան: Այդ է պատճառը, որ 40-էն ետք, շատ կարեւոր է վերատեսութեան ենթարկել սննդականոնը, յայտնած է սննդաբան Ելենա Քալեն: Անոր խօսքով, քառասունէն վեր տարիքի մարդոց չի յանձնարարուիր խիստ սննդականոնը՝ դանդաղող նիւթափոխանակութեան եւ «հորմոնալ ֆոն»-ի փոփոխութեան պատճառով: Փափաքելի է,…