Աորթայի Մասնահատումը Բաւական Հազուադէպ, Բայց Շատ Վտանգաւոր Հիւանդութիւն Է

Աորթայի մասնահատումը աւելի յաճախ կը յայտնուի 50-60 տարեկան մարդոց մօտ: Ի՞նչ ախտանշաններ կրնան ցոյց տալ աորթայի հետ կապուած խնդիրները: Այդ վիճակի նախանշանները նման են անոր, երբ մարդ կը զգայ սիրտի կաթուածի կամ այլ կաթուածի ժամանակ՝ շնչառութեան դժուարութիւններ եւ հեւոց, ցաւ կրծքավանդակին մէջ, գունատութիւն, բարձր քրտնարտադրութիւն, ուշագնաց վիճակ եւ այլն: Ո՞վ կայ վտանգի խումբին մէջ: Բարձր…

Հնդկական Ընկոյզի Օգտագործումը Կը Բարելաւէ Բարձր ճնշումի Հետ Կապուած Հարցերը

Հնդկական ընկոյզի օգտագործումը կապուած է զարկերակային ճնշման նուազումին հետ։ Այս մասին գրուած է ամերիկացի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որու արդիւնքները հրապարակուած են Current Developments in Nutrition ամսագիրին մէջ։ Հետազօտութեան համաձայն՝ հնդկական ընկոյզը օգտագործելը ոչ միայն կրնայ բարելաւել զարկերակային ճնշման ցուցանիշները, այլեւ նուազեցնել արեան մէջ «թրիկլիսերիտ»-ի մակարդակը։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հնդկական ընկոյզը կը բարելաւէ սիրտի…

Կուրծքի Կաթը Օգտակար՝ Թերահաս Մանուկներու Սիրտին Համար

Կուրծքի կաթը դրական ձեւով կ՛ազդէ թերահաս մանուկներու սրտանօթային համակարգի եւ սրտանօթային զարգացման վրայ: Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Իրլանտայի վիրաբուժներու թագաւորական վարչական կազմի բժշկական համալսարանի մասնագէտները: Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է JAMA Network Open ամսագիրին մէջ, ներառած է 80 թերահաս փոքրիկներու տուեալները: Այս իր տեսակին մէջ առաջին հետազօտութիւնն է, որ ցոյց տուած է, թէ թերահաս փոքրիկները, որոնք…

Կարգ Մը Սննդային Սովորութիւններ Կը Խանգարեն Նիհարնալու Գործընթացը

Ամերիկացի սննդաբաններ թուած են սննդային այն վնասակար սովորութիւնները, որ արգելք կրնան հանդիսանալ նիհարնալու, յայտնած է Eat This, Not That!-ը։ Բժիշկ Ռոքսանա Էսանին յայտնած է, որ վատ սովորութիւններէն մէկն է՝ աշխատանքի ընթացքին ճաշի ընդմիջում չընելը, ինչ որ կրնայ նուազեցնել արտադրողականութիւնը եւ տրամադրութիւնը: Ճաշէն հրաժարելէն ետք շատ հաւանական է, որ երեկոյեան մարդ աւելի շատ ուտէ: Սննդաբան Քրիսթեն…

«Վիկըն» Եւ Բուսակեր Սննդականոնները Կ՛ազդե՞ն Փոքրիկներու Առողջութեան Վրայ

Ինչպէ՞ս բուսական սնունդի գերակշռութեամբ սննդականոնները կ՛ազդեն փոքրիկներու առողջութեան վրայ: Այս մասին նոր տուեալները առնուած են American Journal of Clinical Nutrition ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութենէն: Բուսական սննդականոններու արդիւնքները լաւ ուսումնասիրուած են հիմնականին մէջ մեծերու համար: Յայտնի է, որ բուսակերութիւնը եւ «վիկըն»-ութիւնը կը նուազեցնեն սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը, սակայն կը բարձրացնեն կոտրուածքներու հաւանականութիւնը, որովհետեւ բուսական ուտելիքները քիչ «քալսիում»…

Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Ոտքերը Հարթաթաթութենէ Եւ Այլ Խնդիրներէ

Կօշիկներու որոշ տեսակներ կրնան ծայրայեղ բացասական ազդեցութիւն ունենալ ոտքերու վիճակին վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի է ոտքերը պաշտպանել կօշիկներէն յառաջացող խնդիրներէն: Ընտրեցէ՛ք յարմարաւէտ բարձրակրունկ կամ 2-3 սանթիմեթր բարձրութեամբ կօշիկներ Ամէն օր հագնելու համար փորձեցէ՛ք հրաժարիլ բարձր ու բարակ կրունկներէն, ինչպէս նաեւ ամբողջովին հարթ կօշիկներէն: Տան մէջ բոպիկ մի՛ քալէք Բոպիկ քալելը լաւ գաղափար չէ, նոյնիսկ տան մէջ:…

Շրթունքները Պէտք Է Պաշտպանել Արեւու Ճառագայթներէն

Շրթունքներու մաշկը նոյնքան խոցելի է արեւու ճառագայթներու նկատմամբ, որքան մարմնի այլ բաժիններու մաշկը՝ անիկա նոյնպէս կրնայ այրիլ, աւելին՝ կրնայ մաշկի քաղցկեղ յառաջանալ: Շրթունքներու այրուածքներու ախտանիշներ են. շրթունքներու կարմրութիւն, ուռուցք, շրթունքներու մաշկի բարակութեան եւ խոցելիութեան զգացողութիւն, ցաւոտ զգացողութիւններ, բշտիկներ շրթունքներուն վրայ, որոնք, ի տարբերութիւն «հըրբըս»-ի, փոքր բշտիկներ են՝ լեցուած հեղուկով, այլ ոչ թէ թարախով: Ծանր պարագաներուն…

Քերծուածքներու Պարագային Ե՞րբ Պէտք Է Դիմել Բժիշկի

Շատ պարագաներու մարդ ինքը կրնայ բուժել քերծուածքները, սակայն ո՞ր պարագաներուն պէտք է անհանգստանալ: Ե՞րբ պէտք է դիմել բժիշկի: Մասնագէտներու կարծիքով՝ քերծուածքներու ապաքինումը կը սկսի գրեթէ անմիջապէս, եւ ամբողջ գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ: Վերականգնումի տեւողութեան երկարաձգումին վրայ կրնան ազդել քանի մը գործօններ. վնասուածքի ընդհանուր բնոյթը՝ որքան աւելի մեծ եւ խորունկ…

Կանուխ Դպրոց Յաճախելը Վնասակար՝ Փոքրիկներու Համար

Այն փոքրիկները, որոնք շատ կանուխ կ՛ընդունուին առաջին դասարան, աւելի հաւանական է, որ սորվելու դժուարութիւններ ունենան: Աւելին, պատանեկութեան ընթացքին, անոնք աւելի հաւանական է, որ ունենան թմրամոլութեան կամ ալքոլի վերաբերեալ հարցեր: Այս մասին նախազգուշացուցած են Լոնտոնի Քինկ քոլէճի հոգեբուժութեան, հոգեբանութեան եւ նեարդաբանութեան հիմնարկի եւ Քարոլինսքայի հիմնարկի եւ Օրեպրոյի համալսարանի գիտնականները: Ինչպէս նշած է The Daily Mail-ը, գիտնականները…

Որքանո՞վ Վարակիչ Է Քորոնա Ժահրի Տելթա Տարբերակը

Քորոնա ժահրի «տելթա» տարբերակը COVID-19-ի պատճառ կը դառնայ՝ աւելի ցած ժահրային ծանրաբեռնուածութեան պարագային, քան Ուհանի տարբերակը: Նման կարծիք յայտնած է Լապինոյի «Մօր եւ մանկան» քլինիքային հիւանդանոցի մանկաբոյժ Անտոն Ռավտին: Մասնագէտը նշած է, որ «տելթա» շտամը վարակիչ է ջրծաղիկին նման: Անիկա, մինչեւ օրս, վարակիչ ժահրային վարակներէն մէկը կը նկատուի: Նոր շտամի աւելի վարակիչ ըլլալը կը բացատրէ…