Փոքրիկներու Մօտ Օմիքրոն եւ Տելթա Տարբերակներով Յառաջացած COVID-19-ը

Քէյսի համալսարանի բժշկական դպրոցի մասնագէտները փոխանցած են 5 տարեկանէն վար փոքրիկներու մօտ «օմիքրոն» եւ «տելթա» տարբերակներով յառաջացած COVID-19-ի ընթացքի մասին։ JAMA Pediatrics ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնագէտները վերլուծած են աւելի քան 651 000 ամերիկացի փոքրիկներու տուեալները 2021-2022 թուականներուն: Բացայայտուած է, որ «օմիքրոն»ը 6-8 անգամ աւելի վարակիչ է քան՝ «տելթա» տարբերակը։ Այնուամենայնիւ, օմիքրոնով վարակուելու պարագային…

Աստիճաններով Բարձրանալը Արդիւնաւէտ Վարժութիւն՝ Աւելորդ Կշիռքէն Ձերբազատուելու Համար

Առողջ սննդականոնի համադրութիւնը ֆիզիքական վարժութիւններու հետ՝ աւելորդ կշիռքէն ձերբազատուելու ամէնէն լաւ միջոցն է, յայտնած է սննդաբան Մայքլ Մոսլի: Աստիճաններով բարձրանալը մասնագէտը կը նկատէ արդիւնաւէտ միջոց՝ նիհարնալ փափաքողներու համար: «Մարզասրահին մէջ այլընտրանք կրնան ըլլալ կքանստումները եւ հրում վարժութիւնը: Ես օրական 40 հրում վարժութիւն կը կատարեմ, որպէսզի աւելորդ կշիռք չհաւաքեմ», յայտնած է Մոսլին: Նոյնպէս օգտակար վարժութիւն է…

Մինչեւ 15 Տարեկան Փոքրիկներու Լսողութեան Կորուստի Պատճառները

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով` բնակչութեան 5 առ հարիւրէն աւելին կամ 466 միլիոն մարդ (432 միլիոն մեծ եւ 34 միլիոն փոքրիկ) ունի լսողութեան կորուստ: Մինչեւ 15 տարեկան փոքրիկներու լսողութեան կորուստի պարագաներու 60 առ հարիւրի պատճառներէն են. Վարակները` կարմրուկ, կարմրախտ, խոզուկ, «մենինճիթ», «սայթոմեկալովիրուսային» բորբոքում, միջին ականջի քրոնիք բորբոքում (31%), նորածիններու ծննդաբերական վնասուածքները, անհասութիւնը, ծնելու ժամանակ ցած կշիռքը,…

Արեւածաղիկի Կուտի Շատ Օգտագործման Վնասները

Արեւածաղիկի կուտը կրնայ վտանգ ներկայացնել, ըսած է բժիշկ-սննդաբան եւ սննդաբաններու ազգային կազմակերպութեան անդամ Մարինա Մակիշա: Մասնագէտին համաձայն, հարցը արեւածաղիկի կուտին բարձր «քալորի» ունենալն է՝ 50 կրամ մաքրուած կուտը օրկանիզմին 400 «քիլոքալորի» կը հայթայթէ։ Այս քանակութեամբ «քալորի» ամբողջական ճաշ մը կրնայ պարունակել: Ան կը յայտնէ, որ կուտի անվերահսկելի օգտագործումը կրնայ յանգեցնել կշիռքի բարձրացման, որ յաճախ կը…

Գիտնականները Կը Հերքեն Քորոնա Ժահրի Ախտանշաններէն Մէկը

Այսպէս կոչուած «քովիտային ոտքի մատները» կրնան իրականութեան մէջ կապ չունենալ քորոնա ժահրին հետ։ Այս եզրակացութեան յանգած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնեքթիքըթի Եյլի համալսարանի մասնագէտները։ Անոնց հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են PNAS ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ուսումնասիրած են քորոնա ժահրային վարակի կասկածով 23 անձերու տուեալները, ինչպէս նաեւ «քովիտային ոտքի մատներու» վերաբերեալ գանգատները։ Սակայն հիւանդութիւնը հաստատուած է միայն 3…

COVID-19-ն Կրնայ Յանգեցնել Մահացու Հիւանդութեան

COVID-19-ն կրնայ յանգեցնել թոքախտի զարգացման՝ այն հիւանդներու պարագային, որոնք յարուցիչի կրողներ են։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է փրոֆեսոր, առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտ, թոքաբան Իրինա Վասիլեւա: Մասնագէտին խօսքով՝ ինչպէս COVID-19-ի, այնպէս ալ թոքախտի «թիրախը» հիւանդի թոքերն են, ուրեմն COVID-19-ն կրնայ մինչ այդ հիւանդին մօտ եղած թոքախտային մահացու վարակը արթնցնել։ Միեւնոյն ժամանակ, երկու հիւանդութիւններու ախտանշաններուն նմանութեան պատճառով, այս…

Մատներու Թմրութեան Հիմնական Պատճառը

Մատներու թմրելու յաճախակի պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Այս մասին տեղեկացուցած են նեարդաբաններ Եուրի Անտրուսով եւ Փավել Խորոշեւ: «Եթէ մենք կը խօսինք ձեռքերու մատներու մշտական կամ երբեմն թմրելու մասին, ապա պատճառը ձեռքերու նեարդերու որոշ ախտահարումներն են։ Հիմնական պատճառը, այսպէս կոչուած, «թիւնելային» ախտանշաններն են։ Նման պարագայի այս կամ այն նեարդը կը սկսի սեղմուիլ աւելի խոցելի…

Երիտասարդ Տարիքին Ալքոլի Շատ Օգտագործումը Կ՛աւելցնէ Քաղցկեղի Յառաջացման Վտանգը

Ալքոլի օգտագործումը կանուխ տարիքին կ՛աւելցնէ քաղցկեղի յառաջացման վտանգը ապագային: Նման եզրակացութեան յանգած են Մելպուռնի համալսարանի մասնագէտները նոր հետազօտութեան մը ընթացքին։ Մասնագէտները վերլուծած են քաղցկեղի հեռանկարային հետազօտութեան տուեալները, որուն մասնակցած են 22756 կին եւ15701 տղամարդ 1990-1994 թուականներուն, գրած է Medportal.ru-ն: Կամաւորները բաժնած են քանի մը խումբերու՝ կախեալ տարբեր տարիքի ալքոլի օգտագործման մակարդակէն։ Ծանր գինովութիւն նկատուած է…

Որոշ Վարակներ Կրնան «Ընկերանալ» COVID-19-ին

COVID-19-ին կրնայ «ընկերանալ» վարակիչ այլ հիւանդութիւններ, որովհետեւ հիւանդի մը դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ եւ չի կրնար հիւանտութիւնները արդիւնաւէտօրէն դիմակայել։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է վարակաբան Նիքոլայ Մալիշեւ։ «Խօսքը թէ՛ վիրուսային, թէ՛ սնկային հիւանդութիւններու, թէ՛ «պաքթերիըլ» վարակներու մասին է։ Այդ կը բարդացնէ հիւանդութեան ընթացքը՝ մեծ վտանգ ներկայացնելով անհատի մը համար, որ հիւանդ է կամ արդէն յաղթահարած է հիւանդութիւնը»,-…

COVID-19-ը Կրնայ Ուղեղի Փոքրացում Յառաջացնել

COVID-19-ը կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոքրացման։ Այս մասին գրուած է Nature ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մը մէջ։ Քորոնաժահրային վարակը յաճախ կը յառաջացնէ համի եւ հոտի խախտումներ։ Բրիտանացի մասնագէտները ապացուցած են, որ այդ կրնայ յանգեցնել ուղեղի գորշ նիւթի ծաւալներու փոփոխութեան՝ հոտառութեան հետ կապուած մասերուն մէջ, նշած է Medportal.ru-ն: Ուղեղի նախորդ հետազօտութիւնները՝ «մագնիսառեզոնանսային թոմոկրաֆի»ի magnetic…