Կարելի՞ Է Երիտասարդացնել Մարդը. «Պենճըմըն Պաթոնի Էֆեքթ»

Հարվըրտի բժշկական դպրոցի մոլեքիւլային կենսաբան Տէյվիտ Սինկլըրի տարրալուծարանին մէջ ծեր մուկերը դարձեալ կ՛երիտասարդանան։ Օգտագործելով սպիտակուցներ, որոնք կրնան ծերացած բջիջը վերածել ցօղունային բջիջի, Սինկլըր՝ իր խումբին հետ միասին վերադարձուցած են մկաններու ծերացող բջիջները իրենց աւելի կանուխ տարբերակներուն։ Խումբին առաջին յայտնագործութեան ժամանակ, որ հրապարակուած է 2020ի վերջաւորութեան, վատ տեսողութեամբ եւ վնասուած ցանցաթաղանթով ծեր մուկերը յանկարծ կրցած են…

Մանուկի Մը Ստամոքսին Մէջ Աճող Սաղմ Կը Յայտնաբերուի

Հնդկաստանի Պիհար նահանգի Մոթիհարի քաղաքին մէջ բժշկական անբնականոնութիւն արձանագրուած է. բժիշկները 40 օրուան մանուկի մը ստամոքսին մէջ զարգացող սաղմ յայտնաբերած են, գրած է Medical Dialogues-ը։ Ռահմանիա բժշկական կեդրոնէն բժիշկ Թապրեզ Ազիզ փոքրիկ հիւանդին որովայնի «թոմոկրաֆի» կատարած է` որովայնի ուռելուն եւ միզուղիներու գործունէութեան խանգարման պատճառը գիտնալու համար եւ ցնցում ապրած է իր տեսածէն: Բժիշկները պարզած են,…

Խնձորը, Տանձը Եւ Սալորը Օգտակար՝ Օրկանիզմին Համար

Բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, սննդաբան Միխայիլ Կինզպուրկ յայտնած է, որ հակացուցմունքներու բացակայութեան պարագային օրական պէտք է մինչեւ երեք խնձոր ուտել, գրած է Medikforum-ը։ «Խնձորը ամէնէն օգտակար ամառնային պտուղն է»,- ըսած է Կինզպուրկ։ Մասնագէտը բացատրած է, որ խնձորը հարուստ է «զինք»ով՝  նիւթ մը, որ իբրեւ հակաօքսիտանդ կը գործէ. կը կանխէ «աթերոսկլերոզ»ի զարգացումը, կը նպաստէ անօթներու առողջութեան եւ…

Սննդականոնը Եւ Ֆիզիքական աշխուժութիւնը Կարեւոր՝ Ինքնուրոյն Դառնալու Համար Ծերութեան

Երիտասարդ տարիքին առողջ սովորութիւններու ձեւաւորումը կրնայ որոշ երկարաժամկէտ առաւելութիւններ ունենալ, սակայն ֆիզիքական «աքթիվութիւն»ը կրնայ օգնել նաեւ տարեց մարդոց, կը վկայեն նոր հետազօտութիւններու արդիւնքները: Նոր հետազօտութեան համաձայն՝ ցած մկանային զանգուածով (սարքոփենիա) ֆիզիքապէս տկար տարեցները կրցած են երեք տարուան ընթացքին նուազեցնել իրենց հաշմանդամութիւնը 22 առ հարիւրով ծրագրի մը միջոցով, որ փոփոխութիւններ կը ներառէ անոնց սովորութիւններուն եւ սննդականոնին…

Կապիկի Ծաղիկ Հիւանդութեան Մասին Տուեալներ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ վերջին շաբաթներու ընթացքին, աշխարհի մէջ արձանագրուած է կապիկի ծաղիկ հիւանդութեան մօտաւորապէս 80 պարագայ առնուազն 12 երկրի մէջ եւ 50 կասկածելի պարագայ հետազօտութեան տակ է տակաւին։ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը տեղեկացուցած է, որ հիւանդութեան պարագաները հաստատուած են եւրոպական 9 երկրի մէջ (Մեծն Բրիտանիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆրանսա,…

Արեան Բարձր Ճնշում՝ Դեռահաս Տղոց Մօտ

«Հայփըրթէնշըն» ունեցողներու մակարդակը կը բարձրանայ ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս սեռական հասունացման շրջանին. ի դէպ, տղոց շրջանակին մէջ անիկա կը պատահի երեք-չորս անգամ աւելի յաճախ, քան աղջիկներու շրջանակին մէջ. դեռահաս տղոց մօտաւորապէս 20 առ հարիւրին մօտ արեան բարձր ճնշում կը նկատուի, գրած է Medical Xpress-ը: Գիտական տուեալներէն մեկնելով՝ երիտասարդներու շրջանակին մէջ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառը ճարպակալումն…

Կարգ Մը Մարդիկ Բնաւ Չեն Վարակուիր Քորոնա Ժահրով

Քալիֆորնիոյ Սան Տիեկոյի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, թէ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ չեն վարակուիր Քորոնա ժահրով: Անոնք փոքրամասնութիւն են բնակչութեան մէջ, սակայն այս երեւոյթը բացատրութեան կարիք ունի, գրած է «Մետիք Ֆորում»-ը: Աշխարհի գիտնականները այժմ աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրեն այն անձերը, որոնք այս ժահրով չեն վարակուած, յատկապէս այն մարդիկը, որոնք այնքան ալ չեն պաշտպանուած: Գիտնականները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչն…

«Ֆրենքընշթայն՝» Քորոնա Ժահրի Նոր Տարբերակ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակած է սկզբնական զեկուցում մը COVID-19-ի նոր տարբերակի՝ XE-ի մասին, որ նաեւ այլ սարսափազդու անուն ունի՝ «Ֆրենքընշթայն»։ Անիկա օմիքրոնի BA.1 եւ BA.2 տարբերակներու խառնուրդն է, տեղեկացուցած է Fox News-ը։ Յայտարարուած է, որ «Ֆրենքընշթայն»ը առայժմ հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ եւ անհանգստանալու առիթ չ՛ստեղծեր, նշուած է Euronews-ի վերջերս ներկայացուած զեկուցումին մէջ։ XE տարբերակը առաջին…

Ուլթրաձայնի Օգնութեամբ Կարելի Է Վերահսկել «Պաքթրիա»ները

Քալիֆորնիոյ արհեստագիտական հիմնարկի գիտնականները գտած են ուլթրաձայնի միջոցով «պաքթիրիա»ները վերահսկելու եւ քաղցկեղի բջիջները փնտռելու եւ ոչնչացնելու միջոց: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Communications ամսագրին մէջ։ Escherichia coli (E. coli) «պաքթիրիա»ներու մշակուած տարբերակը կրնայ հիւանդին օրկանիզմը ներթափանցելով յայտնաբերել եւ մտնել քաղցկեղի բջիջներուն մէջ: Երբ «պաքթիրիա»ները կը հասնին քաղցկեղային ուռուցքներուն, ատոնք կ՛ենթարկուին ուլթրաձայնային «իմփալս»ներու՝ աքթիվ դեղերու թողարկումը…

Փոքրիկները Ախտահարող «Հեփաթիթ»ը Կը Հասնի Աշխարհի Երկիրները

Փոքրիկները ախտահարող անյայտ ծագումով ծանր «հեփաթիթ»ը արդէն յայտնաբերուած է Եւրոմիութեան 12 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ճափոնի եւ Գանատայի մէջ։ Արդէն իսկ յայտնաբերուած է այս հիւանդութեան 200 պարագայ աշխարհի մէջ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ փոքրիկ մը մահացած է, իսկ 17 փոքրիկ լեարդի փոխպատուաստումի անհրաժեշտութիւն ունեցած է։ «Հեփաթիթ»ով կը հիւանդանան 1 ամսականէն մինչեւ 16 տարեկան, բայց յաճախ՝…