Շրթունքները Պէտք Է Պաշտպանել Արեւու Ճառագայթներէն
Շրթունքներու մաշկը նոյնքան խոցելի է արեւու ճառագայթներու նկատմամբ, որքան մարմնի այլ բաժիններու մաշկը՝ անիկա նոյնպէս կրնայ այրիլ, աւելին՝ կրնայ մաշկի քաղցկեղ յառաջանալ: Շրթունքներու այրուածքներու ախտանիշներ են. շրթունքներու կարմրութիւն, ուռուցք, շրթունքներու մաշկի բարակութեան եւ խոցելիութեան զգացողութիւն, ցաւոտ զգացողութիւններ, բշտիկներ շրթունքներուն վրայ, որոնք, ի տարբերութիւն «հըրբըս»-ի, փոքր բշտիկներ են՝ լեցուած հեղուկով, այլ ոչ թէ թարախով: Ծանր պարագաներուն…