Գիտնականները կը բացայայտեն քիմիական դարմանումի հասցուցած ծինային վնասը առողջ արեան բջիջներուն

Գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով համակարգուած ձեւով հետազօտած են առողջ հիւսուածքներու վրայ քիմիական դարմանումի ծինային ազդեցութիւնը։ Wellcome Sanger հիմնարկի, Քեմպրիճի համալսարանի, Քեմպրիճի համալսարանական հիւանդանոցներու եւ NHS հիմնադրամի (Cambridge University Hospitals NHS Foundation Trust) հետազօտողները եւ անոնց գործընկերները վերլուծած են տարբեր տարիքի 23 հիւանդներու արեան բջիջներու ծինային դրոյթները, որոնք կը ստանային տարբեր տեսակի քիմիական դարմանում։ Nature Genetics…

Գիտնականները կը բացայայտեն ամրան մազերը սխալ լուալու թաքուն վտանգը

Աշխարհի տարածքին գտնուող մարդոց մեծամասնութիւնը մազերը կը լուայ շաբաթական մէկ կամ քանի մը անգամ՝ անկախ եղանակէն։ Սակայն մասնագէտները կ՛ըսեն, որ մազերը լուալու այդպիսի առօրեան բոլորովին յարմար չէ ամրան համար։ AXA Heath Insurance-ի գլխաւոր բժիշկի տեղակալ, բժիշկ Փալլավի Պրետշօ ըսած է, որ ամրան՝ զօրաւոր տաքի ժամանակ, անհրաժեշտ է մազերը ամէն օր լուալ։ Շատերուն այդ կրնայ աւելորդ…

Աղիքային վարակիչ հիւանդութիւնները աճ կ՛արձանագրեն ամրան. ինչպէ՞ս պայքարիլ անոնց դէմ

Վերջին շրջանին դեռահաս փոքրիկներու ծնողները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ իրենց զաւակներուն մօտ պարբերաբար տաքութիւն (բարձր աստիճանի), տկարութիւն ու փսխումներ կը նկատուին։ NEWS.am–ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու համաճարակաբանութեան վարչութեան բժիշկ–համաճարակաբան Ներսէս Գրիգորեան նշած է, որ ամրան անդադար կ՛աշխուժանան աղիքային վարակիչ հիւանդութիւնները, սակայն այս պահուն իրավիճակը վերահսկելի է։…

Լռութեան բուժիչ ուժը. նոր հետազօտութիւնը կ՛ընդգծէ անոր ազդեցութիւնը ուղեղին վրայ

Նոր հետազօտութիւնը յայտնաբերած է, որ լռութիւնը ոչ միայն ձայնի բացակայութիւն է, այլ աշխոյժ ուժ, որ կրնայ վերափոխել ուղեղը եւ բարելաւել ընդհանուր առողջութիւնը։ Ընդամէնը երեք օրուան միտումնաւոր լռութենէն ետք, մարդու ուղեղին մէջ տեղի կ՛ունենան ֆիզիքական եւ գործառական փոփոխութիւններ, որոնք իրենց ազդեցութեամբ կը համեմատուին երկարատեւ «մետիթէյշըն»-ի կամ ճանաչողական մարզումներու հետ։ Boy Genius Report (BGR) արհեստագիտական ազդեցութիւն ունեցող…

Միզապարկի քաղցկեղը կը բուժուի ձուարաններու քաղցկեղի համար սկզբնապէս կիրառուող բուժումով

Քալիֆորնիայի համալսարանի ամերիկացի գիտնականները անսպասելի կապ յայտնաբերած են միզապարկի քաղցկեղի վատորակ ձեւի եւ ձուարաններու ուռուցքներու միջեւ։ Այս յայտնագործութիւնը կարելիութիւն ստեղծած է անոնց կիրառելու դիմադրողական բուժումի յառաջադէմ մեթոտները՝ քաղցկեղի այն տեսակի բուժումին համար, որ նախապէս կրնար բուժուիլ միայն գործողութեան միջոցով եւ ոչ միշտ յաջողութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Nature Communications (NatCom) ամսագրին մէջ։ Խօսքը միզապարկի քաղցկեղի հիւսուածաբանական…

Կանոնաւոր հեծանիւ վարելը կրնայ նուազեցնել թուլամտութեան եւ Ալզհայմըրի վտանգը

JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած է, որ ինքնաշարժի բանալիները հեծանիւի սաղաւարտով փոխարինելը կրնայ նուազեցնել թուլամտութեան եւ Ալզհայմըր հիւանդութեան յառաջացման վտանգը։ Գիտնականները նշած են, որ կանոնաւոր հեծանիւ վարելը կրնայ նոյնիսկ նպաստել ուղեղի այն հատուածի չափի ընդարձակման, որ պատասխանատու է յիշողութեան համար։ Անոնք վերլուծած են գրեթէ 480,000 մարդոց տուեալները, որոնք յայտնած են իրենց…

Գերմշակուած սնունդը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ ուղեղի կառուցուածքը՝ նպաստելով շատակերութեան

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ գերմշակուած սնունդի մեծ քանակութեամբ օգտագործումը կը յանգեցնէ շարք մը հիւանդութիւններու, այդ շարքին՝ շաքարախտի, սրտանօթային եւ ուղեղանօթային հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ թուլամտութեան։ Վերջերս կատարուած միջազգային հետազօտութիւնը կապ յայտնաբերած է գերմշակուած սնունդի օգտագործման եւ ուղեղի կառուցուածքին միջեւ։ Հետազօտութիւնը կատարուած է Մեծն Բրիտանիոյ կենսապանքի տուեալներու հիման վրայ եւ ընդգրկած է Մեծն Բրիտանիոյ մօտաւորապէս 30…

DNA-ի կարճ շղթաները հակամարմիններէն աւելի ճշգրիտ կը ճանչնան ժահրերը

Լոզանի (Զուիցերիա) դաշնային արհեստագիտութեան հիմնարկի գիտնականները մշակած են DNA «մոլեքիւլ»-ներու ստեղծման նոր արհեստագիտութիւն, որոնք ունակ են աւելի ճշգրիտ եւ ամուր կապուելու ժահրային սպիտակուցներու հետ, քան աւանդական հակամարմինները։ Աշխատանքը հրապարակուած է Nature Nanotechnology ամսագրին մէջ։ Խօսքը «աբթամեր»-ներու՝ DNA-ի կամ RNA-ի կարճ շղթաներու մասին է, որոնք կրնան ընտրողաբար կապուիլ յատուկ «մոլեքիւլ»-ներու հետ։ Անոնք կ՛օգտագործուին ախտորոշումի եւ բուժումի…

Ցած ճարպային սննդականոնը կը դանդաղեցնէ մուկերու ենթաստամոքսային գեղձի նախաքաղցկեղային փոփոխութիւնները

Բարձր ճարպային սննդականոնէն ցած ճարպային սննդականոնի անցումը կրնայ դանդաղեցնել ենթաստամոքսային գեղձի նախաքաղցկեղային փոփոխութիւններու զարգացումը՝ Քալիֆորնիոյ Տեյվիսի համալսարանի հետազօտողներու կողմէ Journal of Nutrition (JN) ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն: Փորձարկումի ընթացքին կրծողները բաժնուած են երեք խումբի. մէկը ստացած է բարձր ճարպային սննդականոն, միւսը՝ ցած ճարպային սննդականոն, իսկ երրորդ խումբը սկիզբը կերակրուած է բարձր ճարպային սննդականոնով, նախքան…

Ճարպակալումը կը խանգարէ աղիքներու եւ ուղեղի աշխատանքը՝ նպաստելով մտատանջութեան

Ճորճիայի համալսարանէն ամերիկացի գիտնականներ անսպասելի կապ յայտնաբերած են ճարպակալումի եւ մտատանջութեան հետ կապուած վարքագիծի միջեւ: Մուկերու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց տուած են, որ ճարպերով հարուստ սննդականոնը ոչ միայն կը յանգեցնէ կշիռքի բարձրացման, այլ նաեւ կը փոխէ ուղեղի աշխուժութիւնը եւ աղիքային մանրէներու կազմը: Արդիւնքները ներկայացուած են Օլլանտոյի մէջ կայացած Սնունդի Ամերիկեան Ընկերութեան (ASN) համաժողովին: Փորձարկումներուն ընթացքին…